2015-04-30 12:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 30 ապրիլի քարոզը


Քրիստոնեան զետեղուած է մեղքի եւ շնորհքի պատմութեան մէջ եւ միշտ կը գտնուի հաւատացեալներու ծառայելու եւ ծառայութիւն ստանալու այլընտրանքներու դիմաց

 Հինգշաբթի, 29 ապրիլի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ խօսեցաւ քրիստոնեայի ինքնութեան մասին, որ հիմնականին կը կայանայ “պատմութիւն” եւ “ծառայութիւն” գաղափարներուն մէջ։

Սուրբ Պօղոս եւ Սուրբ Պետրոս՝ Յիսուս չէին հռչակեր՝ առանց Անոր պատմական միջավայրին, այլ անոնք կը հռչակէին Յիսուսը՝ ժողովուրդի մը պատմութեան ծիրէն ներս. ժողովուրդ մը, զոր Աստուած առաջնորդած է դարերու ընթացքին՝ հասցնելու համար զայն հասունութեան՝ ժամանակներու լրումին։ Աստուած մուտք գործած է պատմութեան մէջ եւ քալած է Իր ժողովուրդին մէջ։

Քրիստոնեան՝ ըլլա´յ այր մարդ կամ կին կը պատկանի պատմութեան. ան չի պատկանիր իր անձին՝ այլ ներգրաւուած է ժողովուրդի մը մէջ, որ ճանապարհի վրայ կը գտնուի։

Այս պատմութիւնը շնորհքի եւ մեղքի պատմութիւնն է, ըսաւ Սրբազան Պապը։ Պատմութեան մէջ բազմաթիւ են մեղաւորներ եւ ոճիրներ։ Դաւիթ Մարգարէն ալ մեղաւոր մըն էր նախ քան իր սրբանալը։ Մեր պատմութիւնը սուրբերու եւ մեղաւորներու պատմութիւնն է։ Սակայն մեղքը չ’իշխեր, այլ շնորհքը Տիրոջ, որ մեզի հետ է, մեզի կ’ընկերանայ՝ մեզի ներելու եւ իր շնորհքը մեզի բաշխելու։ Առանց պատմութեան չկայ քրիստոնէական ինքնութիւն։

Քրիստոնէական ինքնութիւնը ապա կը կայանայ “ծառայութեան” մէջ եւ ոչ անձնասիրութեան։ Պէտք է հեռու մնանք անձնասիրութենէ, որովհետեւ մեղք մըն է եւ խնդրել Տիրոջմէ ներում եւ դարձի շնորհք։ Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ ընել այն, ինչ որ Յիսուս ըրաւ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.