2015-04-30 12:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Սեյշելի Նախագահը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 30 ապրիլ 2015-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սեյշելի նախագահ` Տիար Ժէյմս Ալիքս Միշել ու անոր ընկերացող շքախումբը, ապա ընդունեց Փերուի Շիքլայոցի առաքելական կառավարիչ գերապայծառ Ռոպեր Ֆրանսիս Փրէվոսդը որմէ ետք ընդունեց Անկիլքան – կաթողիկէ միջազգային յանձնախումբի անդամները։ Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ընդունեց ''Քրիստոնէական կեանքի հասարակութիւններու'' եւ ''Իտալացի ուսանողներու միսիոներական միութեան'' անդամները որոնք` 30 ապրիլէն – 3 մայիս 2015, Ֆրասքաթիի մէջ կը մասնակիցն  ''Քրիստոնէական կեանքի հասարակութիւններու, ''Պատնէշներէն անդին'' վերտառութեամբ` 42-րդ ազգային համագումարին։ Յայտնենք թէ ''Պատնէշներէն անդին'' նիւթը կը նշէ ''յարաբերութիւններ մշակելու պարտաւորութիւնը ու գոյութենական, ընկերաբանական, հոգեւոր, սերունդային եւ մշակութային պատնէշներու քանդումի հարկաւորութիւնը''։

Երեկոյեան` միշտ Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն կը շնորհէ ''Քրիստոնէութեան արհեստանոց'' կազմակերպութիւններու նախաձեռնած հաւաքի մասնակիցներուն։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէկ հաղորդագրութիւնը տեղեկացուց թէ Ֆրանչսիկոս Քահանայապետի Սեյշելի նախագահին հետ ունեցած հանդիպումը կայացաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ­, որուն ընթացքին շեշտուեցան երկկողմանի Պետական բարի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընկերային, դաստիարակչական եւ խնամակալական մարզէն ներս բերած սատարը։ Հանդիպման նիւթ հանդիսացան նաեւ երկրի եւ շրջանի ընկերա-քաղաքական հարցերը։ Սեյշելի նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետքարտուղար կարդինալ Փարոլինի  եւ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղար` գերապայծառ Անթուան Քամիլլերիին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.