2015-04-30 11:33:00

Վատիկանեան ''Մետեայի'' յանձնախումբի անուանում։


 (Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 13 եւ 14 ապրիլ 2015-ին կայացած, Պապին օգնական Կարդինալներու խորհուրդի ժողովին, ժողովականները ուսումնասիրեցին ''Վատիկանի ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու'' վերատեսութեան մասին ստեղծուած կոմիտէի` 5 մարտին շարադրած ''եզրափակիչ տեղեկագրութիւնը'' եւ այս առընչութեամբ Քահանայապետին առաջարկեցին ստեղծել յանձնախումբ մը որ իր կարգին ուսումնասիրէ վերոյիշեալ տեղեկագիրը ու առաջարկէ անոր ի գործ դնելու պայմաններն ու կարելիութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Պապը, ընդառաջելով Կարդինալական խորհուրդի խնդրանքին, 23 ապրիլ 2015-ին, որոշեց ստեղծել նոր յանձնախումբ մը որուն պարտականութիւնն է ուսումնասիրել ''Վատիկանի ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու'' վերատեսութեան կոմիտէի շարադրած ''եզրափակիչ տեղեկագրութիւնը'' յանձինս. Գերապայծառ Տարիօ Էտուարտօ Վիկանոյի` Վատիկանի Հեռուստակայանի կեդրոնի տնօրէն` որպէս նախագահ, ու  անդամներ` Տոքթ Փաոլօ Նուզինէր` Ավվենիրէ օրաթերթի տնօրէն, Հայր Լուչիօ Ատրիան Ռոյզ` Վատիկանի համացանցի սպասարկութեան պատասխանատու, Հայր Անթոնիօ Սփատարօ  Չիվիլթա Քաթթոլիքա պարբերականի տնօրէն, եւ գերապայծառ Փօլ Թիկէ Քահանայապետական հաղորդակցութեան միջոցներու խորհուրդի քարտուղար։








All the contents on this site are copyrighted ©.