2015-04-30 11:31:00

Ոչ եւս է Ժէնովա թեմի երբեմնի արքեպիսկոպոս կարդինալ Քանէսթրին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 29 ապրիլին, Ժէնովա թեմի երբեմնի արքեպիսկոպոս` կարդինալ Ճովաննի Քանէսթրին կնքեց իր մահկանացուն։

Հանգուցեալ ծիրանաւորը , ծնած էր Իտալիա Քասթէլսփինա քաղաքին մէջ՝ 30 սեպտեմբեր 1918ին, քահանայ ձեռնադրուած էր 19 ապրիլ 1941-ին՝ Հռոմի մէջ, ուր վարած է ժողովրդապետի պաշտօնը։ 8 յուլիս 1961-ին, Յովհաննէս ԻԳ-րդ քահանայապետի օրով նշանակուած է Հռոմի թեմի  եպիսկոպոսի՝ փոխանորդ։

Հանգուցեալ ծիրանաւորը՝ որպէս եպիսկոպոս մասնակցած է Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին եւ իր կարեւոր ներդրումը բերած է ժողովի համամիութենական եւ կրօնային ազատութեան շուրջ արծարծուած նիւթերուն։

Կարդինալ Քանէսթրի մահուան ի լուր Ֆրանչիսկոս Պապ  ցաւակցական հեռագիր ուղղեց Հռոմի թեմի տեղապահ Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինիին, որուն մէջ յայտնեց իր խորին ցաւակցութիւնն ու գնահատանքն Կարդինալին նկատմամբ. որ  միշտ ծառայած հաւատարմութեամբ եւ հեզութեամբ՝ Եկեղեցւոյ եւ աւետարանացման ի սպաս ։

Կարդինալ Քանէսթրիին  յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի, 2 մայիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 8.30ին,Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապի եւ  նախագահութեամբ Կարդինալ Անճէլօ Սոտանոյի։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.