2015-04-30 14:22:00

2015՝ կրօնաւորական կեանքի տարի


Հնազանդութիւնը` կրօնաւորական կեանքի ամենագլխաւոր պարտականութիւնն է: Յիսուսի տուած օրինակը` հնազանդութիւնը, իր կեանքի գլխաւոր նկարագիրն եղաւ, եւ իր բացած արքայական ճանապարհը մեզի համար հաստատեց: Այնպէս որ Աւետարանի բովանդակ բարոյականը կարող ենք հնազանդութիւն բառին մէջ ամփոփել:

                Սուրբ Պօղոսի համեմատ` օրէնքներու լրումը սէրն է, եւ այդ սէրը երկնքի համար որեւէ արժանիք չունի, եթէ հնազանդութիւնը անոր վրայ իր դրոշմը չկնքէ:

                Յիսուս կ՛ըսէ. «Եթէ իմ պատուիրաններս պահէք, կը մնաք իր սիրոյս մէջ. ինչպէս ես իմ Հօրս պատուիրանները պահեցի եւ կը մնամ անոր սիրոյ մէջ:

                Հնազանդութիւնը բարոյական եւ գերբնական առաքինութիւն մըն է, որ մեզ կը մղէ մեր կամքը ենթարկելու օրինաւոր մեծաւորներու կամքին` որպէս Աստուծոյ ներկայացուցիչներ:

                Եթէ մարդս պարտական է Աստուծոյ հնազանդիլ, գիտենք արդէն որպէս բանական արարածներ, որպէս որդի Աստուծոյ, որպէս մեղքերու գըրութենէն փրկուածներ, որ մենք պարտական ենք Աստուծոյ եւ Յիսուսին:

                Սուրբ Պօղոս կորնթացիներուն կ՛ըսէ. « չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները ստացած էք Աստուծմէ, եւ դուք ձեր տէրը չէք, քանզի մեծ գինով գնուեցաք»:

                Յիսուսի կեանքին մէջ մեզի սորվեցուցած բոլոր դասերուն մէջ ոչ մէկը այնքան պարզ եւ զօրաւոր չէ, որքան հնազանդութեան դասը: Ան հնազանդելու իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց ասելով.«Հայր, քու կամքդ կատարուի, եւ փառքը քուկդ թող ըլլայ յաւիտեան»:

                Իր ծառայութեան ընթացքին, ան կրեց գայթակղութիւններ, սակայն ուշադրութիւն  չդարձուց անոց:

                Երբ մենք կ՛ապրինք  աւետարանին համաձայն, հնազանդութեան մեր հասկացողութիւն կ՛աճի: Երբեմն մենք կարող ենք գայթակղիլ, գործադրելով, բնական մարդու հնազանդութիւնը,  ըստ որուն մենք անհնազանդութեամբ կը մերժենք Աստուծոյ օրէնքը  յօգուտ մեր իմաստութեան կամ ցանկութիւններուն, կամ նոյնիսկ հանրաճանաչութեան: Քանի որ ասիկա լայն կիրառութիւն ունի շատերու կողմէն, հնազանդութեան այս աղավաղումը կը պակասեցնէ Աստուծոյ չափանիշները մեր մշակոյթին ե մեր կեանքին:

                Ոմանք կը հնազանդին ընտրողաբար, քանի որ չեն կրնար ըմբռնել պատուիրանի բոլոր պատճառները, ճիշտ ինչպես երեխաները միշտ չէ, որ կը հասկնան իրենց ծնողներու խորհուրդները  եւ օրէնքներու պատճառները:

                Երբ հնազանդութեան վերաբերեալ մեր հասկացողութիւնը կը խորանայ, մենք կը հասկնանք ազատ ընտրութեան հենակետային նշանակութիւնը: Երբ Յիսուս Գեթսեմանիի այգիին մէջ էր, Ան երեք անգամ աղօթեց Իր Երկնային Հօր. « Հայր իմ, եթէ կարելի չէ, որ այս բաժակն ինձմէ անցնի առանց զայն խմելու, քու կամքդ թող ըլլայ: Աստուած չշրջանցեց Փրկչին ազատ ընտրութիւնը, այլ Ան ողորմածաբար հրեշտակ ուղարկեց, որ ամրացներ Իր Սիրելի Որդին:

                Հոգեւորապէս հասուն հնազանդութիւնը ,Փրկչի հնազանդութիւնն է: Ան կը հիմնուի  Երկնային Հօր եւ Անոր Որդիին հանդէպ անկեղծ սիրոյ վրայ: Երբ մենք յօժարութեամբ կը հնազանդինք, ինչպէս ըրաւ մեր Փրկիչը, մենք կը փայփայենք մեր Երկնային Հօր խօսքերը. Այս է իմ սիրելի որդին, որուն ես հաճեցայ: 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.