2015-04-29 10:20:00

Յանուն Ֆրանչիսկոս Պապի դրամական օժանադկութիւն Նեփալի երկրաշարժի զոհերուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 28 ապրիլին, Քահանայապետական Քոր Ունում բարեսիրական հաստատութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով տեղեկացուց, թէ  Նեփալի մէջ տեղի ունեցող ուժգին երկրաշարժին ի տես եւ այդ երկրաշարժէն յառաջացած աւերներուն ու զոհերուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն եւ վիրաւորներուն, Քահանայապետական Քոր Ունում բարեսիրական հաստատութիւնր որոշած է 100 հազար ամերիկեան տոլար  ուղարկել Նեփալ օգնութեան հասնելու համար բնակչութեան։

Որոշուած գումարը  պիտի ուղարկուի տեղական եկեղեցիներուն,  աջակցելու համար խնամակալական գործունէութիւններուն եւ օժանդակելու  անտուն մնացած ժողովուրդին։ Հաղորդագրութեան աւարտին նշուած է,  թէ սոյն դրամական օժանդակութիւնը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապի առաջին շօշափելի զօրակցութիւնը՝ երկրաշարժի զոհերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.