2015-04-29 10:27:00

Համերգ նուիրուած Ֆրանչիսկոս Պապի բարեսիրական գործունէութիւններուն համար


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 30 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 11.30ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի կ՝ունենայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին կը ներկայացուի համերգի   ձեռնարկ մը որ կամազկերպուած է աջակցելու Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի բարեսիրական գործունէութիւններուն. համերգը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 14 մայիսին՝ Պենտեկոստէի տօնին օրը։

Երաժշտական ձեռնարկը հովանաւորուած է  Առաքելական ողորմնաբաշխութեան գրասենեակի, Նոր աւետարանացման Քահանայապետական խորդուրդի, ինչպէս նաեւ  Կարդինալ Վան Թուրկանի յիշատակի­ Սուրբ Մատթէոս հիմնարկութեան կողմէ։

Մամլոյ ասուլիսիսին ելոյթ կ՝ունենան, հեղինակաւոր եկեղեցական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին՝ Առաքելական ողորմնաբաշխութեան գրասենեակի պատասխանատու Գերապայծառ Ճովաննի Ռավէլլի, ինչպէս նաեւ ձեռնարկին յաջողութեան համար գործող բարեսիրական ընկերակցութիւններ որոնց շարքին Գաղթականներու Ասթալլի կեդրոնատեղիի տնօրէն՝ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Քամիլլօ Ռիբամոնթի եւ Սան Էճիտիոյ հասարակութաեն անդամ՝ Տիար Ֆիլիփփօ Սպրանան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.