2015-04-29 10:32:00

Իրան Ամերիկեան նաւ մը գրաւեց


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ եւ մնացեալ հինգ մեծ տէրութիւնները ներկայիս աւելի մօտ են, քան երբեւիցէ` Իրանի հետ համաձայնութեան մը, որ վերջ պիտի տայ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ 12-ամեայ տագնապին»:

Միւս կողմէ, «Արապիյա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իրանեան ուժ մը գրաւած է ամերիկեան բեռնատար նաւ մը եւ զայն առաջնորդած Պանտար Ապպաս նաւահանգիստ` նշելով, որ նաւուն վրայ կը գտնուին ամերիկացի 34 նաւաստիներ: Փենթակոն հաստատեց լուրը:

Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրան նաւը գրաւած է իրանեան շրջանային ջուրերը բռնաբարելուն համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.