2015-04-28 14:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ Պան Քի Մունին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 28 ապրիլի առաւօտեան ժամը 9-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Վատիկանի Գիտութեան Կաճարի կեդրոնը ուր հակիրճ հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿ –ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ որ հոն կը գտնուէր մասնակցելու համար բնապահպանութեան նիւթին մասին կլոր սեղանին ` ''Պաշտպանել երկրագունդը, արժանավայել դարձնել մարդկութիւնը'' վերտառութեամբ։

Հանդիպման ընթացքին Պան Քի Մուն երախտագիտութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, յառաջիկայ 25 սեպտեմբերին` Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան  ընդհանուր նիստին ելոյթ ունենալու իր յօժարութեան համար։ Պան Քի Մուն յայտնեց նաեւ թէ անհամբեր կը սպասէ այդ առթիւ Քահանայապետին արտասանած խօսքերուն ինչպէս նաեւ Կլիմայի մասին Ֆրանչիսկոս Պապին հրատարակելիք շրջաբերականին հուսկ Քահանայապետին ներկայացուց ՄԱԿ-ի ծրագիրները բնապահպանութեան հարցին շուրջ ու նաեւ գաղթականներու եւ աշխարհի զանազան վայրերու մէջ տեղի ունեցող  մարդկայնական տագնապներու եւ ողբերգութիւններու հարցի մասին։

Հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը վերադարձաւ Սանթա Մարթա։  








All the contents on this site are copyrighted ©.