2015-04-28 13:55:00

Բացուինք Սուրբ Հոգիի ներշնչած “նորութիւններուն“


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 28 ապրիլի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը քաջալերեց հաւատացեալները՝ իրենց քարոզչական առաքելութեան մէջ։ Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին յիշեալ պատգամը ներշնչուած էր օրուան Գործք Առաքելոցի ընթերցուածէն (Գործք ԺԱ. 19-26), ուր կը պատմուի առաջին քրիստոնեաներու՝ Անտիոքի հեթանոսներուն կատարած քարոզչութեան մասին։ Սակայն՝ առաջին քրիստոնեաները եւ քարոզիչները ենթակայ էին հալածանքներու։

Սրբազան Պապը նախ շեշտեց՝ թէ առանց Սուրբ Հոգիին՝ ճշմարտութիւնը չենք ըմբռներ։ Հետեւաբար պէտք է մեր անձերը բանանք Սուրբ Հոգիի “անակնկալներուն” դիմաց։ Այս “անակնկալներուն” շնորհիւ՝ Եկեղեցին կը յառաջդիմէ։” Ապա Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց “առաքելական քաջութեան” անհրաժեշտութեան վրայ՝ որպէսզի “քրիստոնէական կեանքը հնութիւններու թանգարանի չվերածուի”։ Գործք Առաքելոցի մէջ կը պատմուի, թէ ինչպէս Բառնաբաս կը համակերպի Սուրբ Հոգիի ներշնչած “նոր ուղղութեան”։ Այն ժամանակ՝ շատեր կը կարծէին՝ թէ աւետարանումը միայն հրեաներուն համար էր։ Սակայն՝ առաքեալները կ՛անդրադառնան, որ նաեւ հեթանոսներու դարձը Աստուծոյ արարքն է։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց՝ որ արդէն մարգարէութիւններուն մէջ գրուած է՝ թէ Տէրը պիտի գայ փրկելու բոլոր ժողովուրդները, ինչպէս զ.օ. Եսայեայ Մարգարէի 60րդ գլխուն մէջ կը կարդանք։

“Սակայն ոչ ամէն նորութիւն Աստուծմէ կու գայ”՝ նշեց Սրբազան Պապը։ “Արդ՝ ի՞նչպէս պէտք է զանազանութիւն դնել Աստուծմէ եկած “նորութեան” եւ այն “նորութեան” միջեւ, որ Աստուծմէ չէ։ Գործք Առաքելոցին մէջ Բառնաբասի եւ Պետրոս Առաքեալի մասին կ’ըսուի՝ թէ Սուրբ Հոգիով լեցուած էին։ Սուրբ Հոգին զանոնք ատակ կը դարձնէր ճշմարտութիւնը տեսնելու։ Մենք մեր ճիգերով եւ մեր բանականութեամբ չենք կրնար տեսնել ճշմարտութիւնը։ Կարող ենք ուսանիլ ամբողջ աստուածաբանութիւնը՝ սակայն առանց Սուրբ Հոգիին երբեք պիտի չհասկնանք։ Նաեւ Յիսուսի ձայնը մենք կը լսենք միայն Սուրբ Հոգիի օգնութեամբ՝ ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ՝ “իմ ոչխարներս իմ ձայնիս մտիկ կ’ընեն եւ ինծի կը հետեւին”։”

“Աղօթքը անհրաժեշտ է՝ կարենալ լսելու համար Սուրբ Հոգիին ձայնը։ Առանց աղօթքի՝ մեր մէջ Սուրբ Հոգիին տեղ չկայ”՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։ “Պէտք է խնդրենք Աստուծմէ՝ որ մեզի տայ Սուրբ Հոգին, որպէսզի կարենանք միշտ զանազանել՝ թէ ինչն է մեր կատարելիքը։”

Սրբազան Պապը եզրափակեց ըսելով՝ “Տէրը մեզի ըսաւ, եթէ չուտենք իր մարմինը եւ չըմպենք իր արիւնը՝ կեանք պիտի չունենանք։ Արդ խնդրենք, որ այս պատարագին մէջ մեզի շնորհքը տայ՝ անվեհեր ըլլալու, որպէսզի չվարանինք յառաջ ընթանալու՝ երբ Սուրբ Հոգին մեզի կը թելադրէ։”

 








All the contents on this site are copyrighted ©.