(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 27 ապրիլ 2015-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի Սրբադասումի առաջին տարեդարձին առթիւ, տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագ զոր նախագահեց Կարդինալ Անճելօ Սոտանոն որուն հետ համապատարագեցին Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Սթանիզլաւ Տժիվիչը, Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին, եւ Քահանայապետի Վատիկան Պետութեան տեղապահ` Կարդինալ Անճելօ Քոմասթրին` մասնակցութեամբ Քրաքովիայէն ժամանած ուխտաւորներու հոծ բազմութեան։
Օրուան քարոզը արտասանեց Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Սթանիզլաւ Տժիվիչը, որ անդրադարձաւ օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն ուր Յիսուս` Սիմոն Պետրոսին հարց կու տայ եթէ զինք կը սիրէ եւ Պետրոս երեք անգամ կը պատասխանէ ` ''Տէր դուն ամէն բան գիտես, գիտես նաեւ թէ քեզ կը սիրեմ'' եւ այն ժամանակ Յիսուս անոր կ՛ըսէ ''Արածէ իմ ոչխարներս'', սկիզբ տալով Պետրոսի առաքելութեան։
Քրիստոսի ծառայելու հիմն ու պայմանը Սէրն է – ըսաւ Կարդինալ Տժիվիչը ու խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ու անոր սրբակենցաղ կեանքի եւ առաքելութեան վրայ ակնարկելով Պենետիկտսո ԺԶ որոշումին` երջանկայիշատակ Քահանայապետը երանելիներու դասին բարձրացնելու եւ Ֆրանչիսկոս Պապին որոշումին` Աստուածային Ողորմութեան տօնին առթիւ, զայն դասելու Տիեզերական Եկեղեցւոյ Սուրբերու շարքին։
Սրբութիւնը – ըսաւ կարդինալ Տժիվիչ քիչերու առանձնաշնորհում մը չէ այլ Աստուծոյ ժողովուրդին տիեզերական կոչումն է։ Ան ապա ընդգծեց Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի եկեղեցւոյ տուած սատարը հաստատելով թէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը կրնանք կոչել Աստուածային Ողորմութեան Քահանայապետ, ակնարկելով այս նիւթին շուրջ Անոր ուսուցումներուն եւ վարդապետութեան։
Կարդինալ Տժիվիչ ապա խօսեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ երիտասարդներուն հետ ունեցած յատուկ կապի մասին շեշտելով Երիտասարդներու Համաշխարհային օրուան հաստատումի կարեւորութիւնը։
Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոսը իր քարոզը եզրափակեց Գոհաբանութիւն մատուցելով Աստուածոյ այս մեծ պարգեւին զոր շնորհեց Եկեղեցւոյ` Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի սրբադասումով, ու հաստատեց թէ երջանկայիշատակ Քահանայապետը կը շարունակէ ապրիլ եկեղեցւոյ մէջ ու մեզի կ՛ընկերանայ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ ճանապարհով։
''Եթէ կ՛ուզենք հաւատարիմ մնալ Յովհաննէս Պօղոս Բ ժառանգութեան պէտք է քաջութեամբ քալենք Աստուծոյ ու մերձաւորին սիրոյ ճանապարհին վրայ` այսինքն սրբութեան ճանապարհով։ Այս է մեր առօրեայի պարտականութիւնը'' ըսաւ Կարդինալ Տժիվիչը հայցելով Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ բարեխօսութիւնը որպէսզի, Աստուածամօր հետ միասին, մեզի համար ընդունին շնորհքը կենդանի հաւատքի, ամրապնդուած յոյսի եւ բոցավառ սիրոյ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |