2015-04-27 09:50:00

Պենինի եպիսկոպոսներուն կանոնական հնգամեայ այցելութիւնը - Տեղեկութիւններ։


(Ռատիօ Վատիկան) Պենինի եպիսկոպոսները ժամանած են Վատիկան իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Պենինը նախագահական Հանրապետութիւն մըն է։ Անոր բնակչութիւնը կը հաշուէ շուրջ  9.983 900։ Բնակիչներու մեծամասնութիւնը քրիստոնեաներ են, իսկ կաթողիկէները կը ներկայացնեն երկրին 33 տոկոսը մինչ մահմետականները 13 տոկոսը։

Եկեղեցական կառոյցը - Պենինի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը  անդամ է Արեւմտեան Ափրիկէի եպիսկոպոսներու խորհուրդին։ Եկեղեցին  Պենինի մէջ ունի երկու արքեպիսկոպոսական թեմեր եւ ութը եպիսկոպոսական թեմեր։ Ունի 338 ժողովրդապետութիւններ եւ 801 կրօնուսուցումի կեդրոններ։  Կղերական դասը կը հաշուէ 11 եպիսկոպոսներ եւ 811 կուսակրօն քահանաներ, 1386 կրօնաւոր կրօնաւորուհիներ։

Եկեղեցւոյ պատկան դպրոցները յաճախուած են 57.775  աշակերտ-ուսանողներէ։ Եկեղեցին կը մատակարարէ 12 հիւանդանոցներ, 64 դարմանատուներ, 7 ծերանոցներ, 41 որբանոցներ ընտանեկան խորհրդատու 3 կեդրոններ։

Եկեղեցւոյ հովուութիւնը կը  կայանայ մասնաւորապէս երախաներու ու ընտանիքներու պաշտպանութեամբ, Աւետարանի քարոզութեամբ ու տարածութեամբ  եւ յատկապէս նոր սերունդին դաստիարակութեամբ։ Նշենք որ Պենինի եկեղեցին 2012-ին իր աւետարանութեան 150-րդ յոբելեանը տօնախմբեց։ 2011-ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութիւն կատարեց Պենինի եկեղեցւոյ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.