2015-04-25 12:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը ՅՊԲ հիմնարկի անդամներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 25 ապրիլ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10.30ին, Ֆրանչիսկոս Պապը  իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց. Կարդինալ Մարք Ուելլէն` Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը, Տիար Կուլիէրմօ Լէոն Էսքոպար Հերրանը` Քոլոմպիայի Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպանը հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ, Գերապայծառ Ճուզեփփէ Փինթօ` Ֆիլիպեան Կղզեխումբի մօտ առաքելական նուիրակ,  Գերապայծառ Ֆերնանտօ Քիքա Արելլանօ` ՄԱԿ-ի Պարենամթերային եւ գիւղատնտեսական հաստատութիւններու մօտ Ս. Աթոռի մնայուն դէտ եւ գերապայծառ Անթոնիօ Աուկուսթօ տոս Սանթոս Մարթօ` Փորթուկալի Լէյրիա Ֆաթիմա թեմի եպիսկոպոսը։

Ժամը 12-ին Ֆրանչիսկոս Պապը, Գլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց Յովհաննէս Պօղոս Բ հիմնարկի անդամները ու այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքին մէջ անդրադառնալով Յովհաննէս Պօղոս Բ սրբադասման յայտնեց թէ այս մէկը նոր սլացք տուաւ անոնց գործունէութեան` ի սպաս Եկեղեցւոյ եւ աւետարանութեան, եւ այդ գործունէութիւնը դարձուց աւելի միջազգային առիթ ընծայելով որ Սուրբ Քահանայապետին հոգեւոր ժառանգութիւնը շարունակէ իր պտուղները տալ։

Սրբազան Հայրը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց, մասնաւորապէս հիմնարկութեան տուած սատարին դաստիարակչական մարզէն ներս, ի սպաս երիտասարդներուն, որոնց հանդէպ  -ըսաւ Ան - Սուրբ ՅՊԲ մեծ սէր ու հովուական հոգատարութիւն մը ունէր։

Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց ներկաները ներշնչուելու Սուրբ Յովհանէս Պօղոսի վարդապետութիւնէն որ` միշտ այժմէական է,  ու  խօսքը յատկապէս կեդրոնացուց ''զօրակցութիւն'' բարին վրայ, որ մինչեւ օրս կը պահպանէ իր մարգարէական զօրութիւնն ու իմաստը։

Ասոր համար – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – հարկաւոր է որ դուք առաջինները ըլլաք որ կ՛ապրիք այդ զօրակցութիւնը, զայն սնուցանելով քրիստոնէական եղբայրութեամբ, որ իր կարգին իր սնունդը կ՛առնէ աղօթքէն եւ Աստուծոյ խօսքէն։

Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը, որուն սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ նուիրագործած էր համայն կեանքն ու քահանայապետութիւնը, բարեխօսէ ձեզի համար – ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը ու ճառը եզրափակեց ներկաներուն տալով իր հայրական օրհնութիւնը եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.