2015-04-25 10:30:00

Կ. Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքը մօտիկութիւն կը յայտնէ Իրաքի քրիստոնեաներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Քաղդէացիներու պատրիարքը պաշտօնական այցելութիւն կատարած է Թուրքիա, այցելելով  Քաղդէացիներու հաւատացեալները ու սրբավայրերը եւ տեսակցութիւններ ունենալով Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք Բարթողոմէոս Ա .ին հետ։

Երկու պատրիարքներու միջեւ հանդիպումը առիթ ընծայեց ամրապնդելու  երկու եկեղեցիներու միջեւ տիրող կապերը։

Բարթողոմէոս պատրիարքը կոչ ըրաւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ի սպաս եւ իր մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց Իրաքի քրիստոնեաներուն, ընդգծելով որ կարելի չէ երեւակայել Միջին Արեւելք մը առանց քրիստոնեաներուն։

Պատրիարք Սաքօ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Բարթողոմէոս պատրիարքին իր անձին վերապահած ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրընկալութեան եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Անոր իր գաղթականներու հիւրընկալութեան համար եւ ու անոնց պատարագ մատուցանելու արտօնութիւն տուած ըլլալուն համար։

Պատրիարք Սաքօ ընդգծեց կարեւորութիւնը քրիստոնեաներու միութեան, քանի - ըսաւ Ան - մեր փրկութիւնը կախում ունի մեր միութենէն։

Պատրիարք Սաքօ ոգեկոչեց նաեւ հայոց  եւ ասորիներու սպանդը 1915-ին հաստատելով թէ ''Այս պատմութիւնը ցաւալի է եւ հարկաւոր է դաս առնել անորմէ, չկրկնելու նման ողբերգութիւն մը եւ  հեռացնելով արդի մարդու մտայնութենէն պայքարի ու պատերազմի մշակոյթը''։

Իր կեցութեան ընթացքին Սաքօ Պատրիարքը հանդիպում ունեցաւ Իսթանպուլ քաղաքի կառավարիչ Վազիֆ Սահինի հետ­ եւ այս առթիւ գաղափարներու փոխանակումը կեդրոնացաւ նոր սերունդի կրօնական դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան վրայ որուն ընթացքին ընդգծուեցաւ թէ Կրօնքը անհատական կապ մըն է Աստուծոյ հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.