2015-04-24 11:39:00

Քուպայի եկեղեցւոյ ուրախութիւնը ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Քուպա այցելութեան ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) Քուպայի եկեղեցին ուրախութեան ու յոյսի զգացումներով ընդունեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Քուպա այցելելու լուրը։ Այս երրորդ Քահանայապետն է որ կղզին կ՛այցելէ։ Նախապէս Քուպան այցելած են` Յովհաննէս Պօղոս Բ ` 1988-ին եւ Պենետիկտոս ԺԶ  2012-ին։  

Արդարեւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդառաջելով Քուպայի Պետութեան ու Եկեղեցւոյ հրաւէրին որոշեց յառաջիկայ Սեպտեմբեր ամսոյն նախքան Ուաշինիկթոն հասնիլը այցելութիւն կատարել նաեւ Քուպային, յայտարարեց Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին տնօրէնը Յիսուսեան հայր Լոմպարտին, ։ 

Յայտնենք թէ Քահանայապետը ԱՄՆ այցելութեան ընթացքին` 23 Սեպտեմբերին, Ուաշինկթոնի մէջ, պիտի սրբադասէ ֆրանչիսկեան հայր Ժիւնիբերօ Սեռան, որ հրապարակաւ վկայութիւն տուաւ ու քարոզեց Աւետարանը Քալիֆորնիոյ նահանգին մէջ։

Սրբազան Հօր Այցելութիւնը կը զուգադիպի ընտանիքի համաշխարհային հանդիպումին որ տեղի պիտի ունենայ ֆիլատելֆիայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.