2015-04-24 12:57:00

Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 24 ապրիլին, Վատիկանի Պետական Քարտուղարութիւնը քաղելով Մակ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` գերապայծառ Աուզայի, Նիւ Եորքի մէջ Միջին արեւելքին մասին  ՄԱԿ-ի Ապահովական խորհուրդի նիստին ընթացքին  արտասանած ելոյթէն հատուած մը, հրապարակեց թուիթ մը, որուն մէջ խստիւ  դատապարտեց ցեղային եւ  կրօնային պատկեանելիութեան պատճառաւ գործադրուած բռնութիւնները։

Վատիկանի Պետական Քարտուղարութիւնը թուիթերեան կայքին վրայ հրատարակեց հետեւեալ թուիթը  

՝՝Սուրբ Աթոռը վճռակամօրէն  կը դատապարտէ բոլոր յարձակումներն ու բռնաբարումնները, որոնք հիմնուած են  ազգային, կրօնական, ցեղային, կամ այլ  պատճառներու վրայ՝՝








All the contents on this site are copyrighted ©.