2015-04-24 11:43:00

Հայաստանի եւ աշխարհի եկեղեցիներու մէջ կը հնչեն զանգերու 100 ղօղանջներ


Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ համայնքներու մէջ Հայ առաքելական եկեղեցիներուն մէջ, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներուն՝ Ապրիլ 23-­ին` ժամը 19:15-­ին, հնչեցին զանգերու 100 ղօղանջները: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ լռութեան մէկ վայրեանը:

Խորհրդանշական այս արարողութիւնը յաջորդեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման արարաղութեան: Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի օր հռչակուեցաւ Ապրիլ 24-­ը` ի «Յիշատակ սրբոց նահատակաց, որք կատարեցան յընթացս ցեղասպանութէան Հայոց վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»: Հայոց ցեղասպանութեան նահատակաները, որոնք ինկան վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց, հռչակուեցան սուրբեր:

Ապրիլ 24-­ին օծուած սրբապատկերը երկրպագութեան պիտի դրուի Ծիծեռնակաբերդի մէջ: 100 ղօղանջ հնչեցին Պուէնոս Այրեսի եկեղեցիներէն մինչեւ Փարիզի Աստուածամօր տաճար:

Նշենք,  թէ ընդառաջելով Գարեգին Բ. ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետին կոչին, ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը հրահանգեց որպէսզի համայն հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու զանգերը 100 զարկերով  յիշեն Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը:

Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայ եկեղեցիներու երկնասլաց գմբեթներէն հնչող այս 100 զարկերը պիտի արտայայտեն համայն հայ ժողովուրդին յաւերժ հաւատարմութիւնը իր նահատակներուն յիշատակին ու կտակին:

100 զարկերը միաժամանակ պիտի հանդիսանան Հայոց նահատակներուն աշխարհասփիւռ ժառանգորդներուն աղօթքը առ Աստուած որպէսզի իր հովանին երբեք չհեռացնէ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդին վրայէն, որ գերագոյն զոհողութեան գնով կառչաղ մնաց իր հաւատքին:

Զանգերու 100 զարկերը սիրոյ եւ միութեան մշտահունչ հրաւէր մը պիտի ըլլայ ի փառաբանումն Աստուծոյ, ի պայծառութիւն հայ Եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ Հայ ժողովուրդին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.