2015-04-24 09:30:00

ԱՄՆ նախագահը դարձեալ խուսափեցաւ «Ցեղասպանութիւն» եզրոյթէն


ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպաման Հայոց ցեղասպանութեան առիթով կատարած իր ուղերձին մէջ կրկին չի կատարեց նախընտրական իր խոստումը` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ, եւ խուսափեցաւ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը օգտագործելէն, Tert.am-ի փոխանցմամբ` կը տեղեկացնէ Аssociated Press-ը:

Յայտարարութեան մէջ Օպաման Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային ջարդերը դարձեալ բնորոշած է հայերէն «մեծ Եղեռն» բառակապակցութեամբ: Ան նշած է, որ «զանգուածային սպանութիւններու» տարելիցը կը խորհրդանշէ պատմութեան պահպանման կարեւորութիւնը ու անցեալը յիշելու անհրաժեշտութիւնը: Ան նաեւ ըսած է, որ ինքը բազմաթիւ անգամներ արտայայտուած է 1915-ին տեղի ունեցածի առիթով, եւ որ իր դիրքորոշումը այդ հարցով չէ փոխուած:

Ըստ աղբիւրին` Օպամայի այս քայլը, սակայն, անակնկալ չէր: Օրեր առաջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին Սպիտակ տան ներկայացուցիչները ընդգծած էին, որ Օպաման այս տարի եւս պիտի չշեղուի նախորդ տարիներու աւանդոյթներէն:

«Մենք վստահ ենք, որ նախորդ տարիներուն եւ այս տարուան մեր դիրքորոշումը ճիշդ է, քանի որ զայն կը ճանչնայ անցեալը եւ թոյլ կու տայ համագործակցելու տարածաշրջանային գործընկերներու հետ` ապագային մարդկոց ոչնչացումէն խուսափելու համար: Մեր կարծիքով` ասիկա անչափ կարեւոր է: Նախագահը պարբերաբար յայտնած է իր տեսակէտը 1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ: Մենք գիտենք, որ կան մարդիկ, որոնք այս տարի այլ բան կը ցանկանան լսել»,- երէկ յայտարարած էր ԱՄՆ-ի ԱԳՆ խօսնակի պաշտօնակատար Մարի Հարֆը:

Լրագրողները Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Էրիկ Շուլցին նոյնպէս Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ հարցեր ուղղած էին ԱՄՆ նախագահի դիրքորոշման մասին: Անոնցմէ մէկը, մասնաւորապէս, հարցուցած էր, թէ ինչո՛ւ Պարաք Օպաման օգտագործած է «ցեղասպանութիւն» բառը 2008 թուականին նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ, իսկ այժմ կը խուսափի այդ եզրոյթէն:

«Նախագահը եւ վարչակազմի այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ բազմիցս պատմական փաստ ճանչցած են Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն 1.5 միլիոն հայերու զանգուածային սպանութիւնը»,- ըսած էր Շուլցը:

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ նախագահի կողմէ Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը կանխելու համար Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն մեկնած էր Ուաշինկթըն ու շարք մը հանդիպումներ ունեցած էր: Ի վերջոյ, հաղորդուած էր, որ Օպաման հերթական անգամ պիտի խուսափի «ցեղասպանութիւն» եզրոյթի կիրառումէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.