2015-04-23 09:23:00

Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքը մեկնեցաւ Երեւան


Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքը՝  22 ապրիլ 2015, չորեքշաբթի առաւօտեան մեկնեցաւ Երեւան՝ մասնակցելու համար  «Ընդդէմ Ցեղասպանութիւն յանցագործութեան»  հասարակական-քաղաքական համաժողովին, որուն բացումը պիտի կատարէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Համաժողովի քննարկումներուն պիտի մասնակցին աշխարհի տարբեր կողմերէն ժամանած շուրջ 600 մասնագէտներ։

Յաջորդ օրը, ապրիլի 23-ին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութեան։

Այնուհետեւ, Հոգեւոր Տէրը պիտի մեկնի Մոսկուա եւ կիրակի, 26 ապրիլին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ Մոսկուայի Անարատ Յղութեան կաթողիկէ Մայր  Տաճարին մէջ։ Յաւարտ սուրբ Պատարագին, ան բացումը եւ օծումը պիտի կատարէ Մայր Տաճարի շրջաբակին մէջ Մոսկուայի Հայ կաթողիկէ համայնքին կողմէ տեղադրուած Յուշակոթող Խաչքարին։

Միեւնոյն երեկոյեան, ի պատիւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական ընթրիք մը։

Ապրիլի 28-ին,  ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պիտի նախագահէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համերգի մը, որ տեղի պիտի ունենայ  Մոսկուայի Վենիով արուարձանին մէջ։

Մոսկուա կեցութեան ընթացքին, Հոգեւոր Տէրը հանդիպումներ պիտի ունենայ  ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ եւ քաղաքական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կ'ընկերանայ գերապատիւ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.