2015-04-23 13:48:00

Դամասկոսի հրապարակներէն մէկը անուանուած է Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու» հրապարակ


Հայոց Ցեղասպանութեան 100-­ամեակի նախօրէին Դամասկոսի քաղաքապետարանը որոշում կայացուցած է մայրաքաղաքի հրապարակներէն մէկը անուանելու «Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու» հրապարակ: Դամասկոսահայ Նազարէթ Էլմաճեանը «Արմէնփրես»­ին տեղեկացուցած է, որ հրապարակը կը գտնուի Հին Դամասկոսի` քրիստոնէական Պապ Թումա թաղամասին մէջ, հայ առաքելական Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մօտակայքին:

Համացանցին մէջ տարածուած է հրապարակի անուան ցուցանակը, որուն կողքին փակցուած մէկ այլ ցուցանակի վրայ նշուած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժամանակակից պատմութեան առաջին ցեղասպանութիւնն է` իրագործուած թուրքերու կողմէ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին եւ յետոյ, որուն զոհերու թիւը կը գերազանցէ 1.5 միլիոնը: Այսօր կը նախատեսուի դամասկոսահայերու մասնակցութեամբ մոմերով լուռ ցոյց Պապ Թումայէն մինչեւ Պապ Շարքի թաղամաս:

Նախապէս Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանը տեղեկացուցած էր, որ, համայնքային ձեռնարկներէն զատ, աշխատանքներ կը տարուին պետական մակարդակով հարցը բարձրացնելու ու ճանաչման հասնելու ուղղութեամբ:

Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդը նշած էր, որ արդէն առկայ է Սուրիոյ մայրաքաղաքի քաղաքապետարանի թոյլտուութիւնը, որպէսզի Հայոց առաջնորդարանի կողքը գտնուող հրապարակը անուանակոչուի Սրբոց նահատակաց հրապարակ: «Ապրիլ 26-­ին, երբ նահատակներու սրբադասումով զինուած պէտք է վերադառնանք Դամասկոս, պէտք է կատարուի այդ հրապարակի անուանման հռչակումը, ինչպէս նաեւ տեղադրուելիք յուշաքարի հիմնարկէքի արարողութիւնը»,-­նշած էր Տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.