2015-04-22 10:09:00

Ղպտի եպիսկոպոսները Քրիստոնեայ Եթովպացի նահատակներու մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ներկայիս Եգիպտոսի  մայրաքաղաքին մէջ Ղպտիներու եպիսկոպոսները իրենց տարեկան ժողովը կը գումարեն։ Անոնք հաստատած են որ քրիստոնեաները չեն փնտռեր մարտիրոսութիւնը այլ կ’ուզեն խաղաղութեամբ ապրիլ։

Սակայն եթէ նահատակութիւնը հասնի, անոնք Քրիստոսի սիրոյն համար պատրաստ են մեռնելու ու Եկեղեցին միշտ տօնախմբած է անոնց նահատակութիւնը որպէս Քրիստոսի մխիթարական յաղթութիւն։ Յայտնենք թէ Եւրոպայի օրթոտոքս ղպտի պատրիարք Մաթիաս առաջին ծրագրած էր Եգիպտոս գալ Եգիպտոսի Tawadros II պատրիարքին հետ միասին Երեւան մեկնիլ մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումին։ Վերջին պահուն պարտադրուեցաւ ջնջել այցելութիւնը եւ մնալ Եթովպիա։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.