2015-04-22 09:51:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Գարնան ծաղիկներու բոյրով յագեցած այս օրերուն, երբ քրիստոնեայ ամբողջ աշխարհին հետ մեր եկեղեցին եւս իր հաւատացեալներով կը տօնախմբէ Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնը, ակամայ մեր մտածումները կը սեւեռին Անոր ճամբայէն քալած եւ Անոր խաչը իրենց ուսին բարձած մեր ժողովուրդի տառապակոծ զաւակներու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին վրայ:
Սուրբ Յարութեան առաւօտուն, իւղաբեր կիները առաջինը եղան Փրկիչին յարութիւնը աշխարհին աւետողներու շարքին մէջ: Յաջորդող ժամանակաշրջանին, Առաքելական Դարուն եւ անկէ ետք, ո՛չ միայն Անոր յարութիւնը շարունակեցին աւետել քրիստոնեայ հաւատացեալներ, այլ Անոր Սուրբ Յարութեան խորհուրդով գօտեպնդուած, քրիստոսապաշտ անձեր նահատակութեան սուրբ պսակը ընդունեցին, ճշմարիտ հետեւորդները դառնալով բազմաչարչար Յիսուսին:
Աւագ Շաբաթը ամբողջութեամբ, Քրիստոսի տնօրինական կեանքի դառն իրողութիւններու շարանը վերյիշեցնելով մեզի, Գողգոթայի փշալի ճանապարհին քարտէսը միանգամ եւս կը նկարէ մեր մտապաստառին վրայ: Ճիշդ է, Յիսուսի Ս. Յարութենէն անմիջապէս ետք, Անոր հետեւորդներէն ըլլալնուն համար շատե՜ր չարչարանքի, նախատինքի ու մահուան ենթարկուեցան՝ սկսեալ Ս. Ստեփանոս սարկաւագէն, սակայն, առաջին ժողովուրդը, որը ազգովին քրիստոնէանալով յանձն առաւ Անոր քալած Գողգոթայի ճանապարհէն բարձրանալ մինչեւ խաչ՝ այդ խաչապաշտ հայ ժողովուրդը եղաւ:
Իւղաբեր կիներուն նման, մեր ժողովուրդի զաւակները ո՛չ միայն աւետեցին Յիսուսի յարութիւնը իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին, այլ անով գօտեպնդուեցան ու զօրացան, արհամարհելով ցաւ ու տանջանք, խաչ ու հալածանք:
Գերեզմանին մէջ պատանքուած չմնալը, անոր հեղձուցիչ միջավայրէն անապական դուրս գալն ու նորոգուած աչքերով կեանքին նայիլը, մարդկային կամքի շեշտուած դրսեւորումներ են: Մահը անարգել, չարչարանք արհամարհելն ու տանջանքներն անտեսել, անձնազոհ մարդոց կողմէ, երբեմն գերմարդկային մօտեցումներ կը թուան սովորական մարդոց համար: Սակայն, անոնք իրականանալի գործարքներու կը վերածուին, երբ հաւատքով կատարուին, երբ գերագոյն նպատակներու համար իրագործուին, երբ Աստուծոյ փառքին նուիրաբերուին, ու Անոր կողմէ վարձատրութեան յոյսով մխիթարութիւն ստանան Աստուծոյ սուրբ բագինին ընծայուած նահատակները:
Այսպէս եղաւ բոլոր հաւատաւոր քրիստոնեաներուն կեանքը, սկսեալ առաջին դարէն, երբ Քրիստոսի անուան հետեւորդներէն ըլլալնուն պատճառով, կրկեսներու մէջ առիւծներու բերանը իբրեւ կեր կը նետուէին նորադարձ քրիստոնեաներ:
Այնպէս, ինչպէս հայ ժողովուրդը առաջինը եղաւ Քրիստոսի Գողգոթայի ճանապարհէն քալելու ողբերգութեան արժանացող ազգերու շարքին, նոյնպէս ալ, Փրկիչի խաչելութենէն ետք, Ս. Յարութեան հրաշազան դէպքին նմանողութեամբ, 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութենէն ողջ դուրս գալու, մէկ խօսքով մահուան ստուերէն լոյսին բացուելու, գերեզմանէն յարութիւն առնելու առաջնակարգ պատիւը մեր ժողովուրդին ընծայուեցաւ… Ասիկա այնպիսի ժողովուրդ է, որ անապատներու աւազներուն մէջ երբեմն երեւցող հողագոյն բոյսին նման ծիլ արձակեց: Ասիկա ազգ մըն է, որ մոխիրներուն տակէն դարձեալ դուրս եկաւ, իր հաւատացած Տիրոջ՝ Յիսուսի նման դարձեալ վերականգնեցաւ, յարութեան յոյսով լեցնելով Իրեն հաւատացող իւրաքանիւր հետեւորդի սիրտը:
Յարուցեալ Փրկիչին յարուցեալ զաւակները ըլլալուն փաստը, մեր արժանապատիւ գոյութիւնն է աշխարհի ազգերու ցուցակին մէջ, վերանկախացած հայրենիքով, պետականութեամբ եւ աշխարհացրիւ Սփիւռքացաւ պատուաբեր համայնքներով: Այս պատիւը ո՛չ ոք կրնայ մեզմէ խլել: Մեր պապենական հողն ու գիւղերը, մեր տուներն ու այգիները խլեց ցեղասպան ազգը, սակայն երազի մեր երկիրը կը մնայ անկողոպտելի մեր սիրտերուն մէջ: Մեր եկեղեցիները այրեց ու մոխրացուց ան, սակայն հաւատքի կանթեղը տակաւին կը պլպլայ մեր հոգիի խորանի գմբէթէն կախուած: Մեր դպրոցները աւերեց, սակայն մեր անմահական Այբուբենը երջանիկ կարկաչումով մինչեւ այսօր կը թրթռայ մեր երեխաներու շուրթերուն վրայ:
Միջազգային այս խառնափնթոր իրավիճակին մէջ, աշխարհի մեծ ընտանիքին դիմաց ճակատաբաց կանգնած, յարուցեալ ժողովուրդը արդարութեան համար իր պահանջատիրութեան յաղթական ձայնը կը բարձրացնէ, նոյնիսկ իր հաւաքական նահատակութենէն 100 տարի անց, նախ իր ողջ ըլլալուն եւ երկրորդ՝ իր նահատակներուն անմեղ արեան գինը պահանջելու վճռակամութեամբ: Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան յաղթական խորհուրդին ամբողջական հաւատքով փարած յարուցեալ ժողովուրդը երբեք չի՛ մեռնիր...

 








All the contents on this site are copyrighted ©.