2015-04-22 09:44:00

«Անխօս ողբերգութիւն». Հռոմի Հայ համայնքի տեղեկատուական արշաւը


Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով՝ Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդը քարոզարշաւ  ձեռնարկած է` հանրային կարծիքի եւ յատկապէս նոր սերունդի ուշադրութիւնը հրաւիրելու 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան վրայ: Այս մասին, ըստ «Հայերն այսօր»-ի՝ կը տեղեկացնէ Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդը:

Քարոզարշաւը, որուն խորագիրն է «Անխօս ողբերգութիւն», պիտի իրականացուի Հռոմ, Սիենա եւ Արէցցօ քաղաքներուն մէջ, տեսաերիզի սարքաւորումներով յագեցած հանրային փոխադրամիջոցներու մէջ` Ապրիլ 12-էն մինչեւ Ապրիլ 26: Տեսաերիզը կը պատկերէ բերանը կարուած ու աչքերը փակ մարդու դիմապատկեր` հետեւեալ գրութիւններով` Հայոց Ցեղասպանութիւն. 1915-2015. ողբերգութիւն, որ  100 տարի է խօսքեր չունի:

Տեսաերիզի տեւողութիւնը 15 երկվայրկեան է եւ պիտի ցուցադրուի օրական 90 անգամ:

Բերանը կարուած մարդու դիմապատկերը կը փաստէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը եւ  շարք մը պետութիւններու լռութիւնը եւ անտարբերութիւնը, որոնք յաճախ նախընտրած են փնտռել իրենց սեփական շահերը, քան պաշտպանել մարդու իրաւունքներն ու արժէքները, իրենց աչքերը սեւեռելով ամէնուր` չտեսնելու համար Հայոց ողբերգութիւնը:

Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի այս նախաձեռնութեան նպատակն է վառ պահել Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակը,  Իտալիոյ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը հրաւիրելով հայ ազգի ողբերգութեան  նկատմամբ` Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ իրականացուած երկար տարիներու բռնի լռութեան: Անխօս ողբերգութիւն, որուն լռութիւնը աւելի խօսուն դարձաւ քան երբեք:

Շարք մը այլ նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս Հռոմի հայ համայնքը­, հայկական այլ կազմակերպութիւններու հետ միասին, Ապրիլ 24-ի յետմիջօրէին կազմակերպած է Քայլարշաւ` Հռոմի կեդրոնական պողոտաներու տարածքէն մինչեւ Սուրբ Նիկողայոս` Հայկական եկեղեցւոյ  հրապարակ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.