2015-04-21 09:01:00

Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշում Լոս Անճելըսի «Our Lady of the Angels» տաճարին Մէջ


ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինին հովանաւորած ազգային ու եկեղեցական ձեռնարկներուն եւ արարողութեանց ծիրին մէջ, Երեքշաբթի, Ապրիլ 14ի երեկոն արձանագրեց պատմական հանգրուան մը:

Արդարեւ, Երեքշաբթի երեկոյեան, Ամերիկայի կաթողիկէ համայնքի Լոս Անճելըսի «Our Lady of the Angels» Մայր տաճարին մէջ, նախաձեռնութեամբ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, հովանաւորութեամբ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման Միացեալ մարմինին եւ հիւրընկալութեամբ կաթողիկէ համայնքի Լոս Անճելըսի առաջնորդ Հոզէ արք. Կոմեզի, տեղի ունեցաւ 100ամեակի նշման միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական պատմական արարողութիւն մը, մասնակցութեամբ Քրիստոնեայ եկեղեցւոյ տեղական առաջնորդներու, ներկայացուցիչներու, եպիսկոպոսներու, քահանաներու, սարկաւագներու, նաեւ քաղաքական եւ ազգային դէմքերու ու ներկայացուցիչներու, եւ աւելի քան երեք հազար հաւատացեալներու։

Արարողութիւնը կանխող հիւրասիրութեան պահը՝ քրիստոնէական սիրոյ մթնոլորտ մը ստեղծելով, առիթ ընծայեց տարբեր համայնքներու հոգեւորականներուն փոխադարձ ծանօթացման։

Տաճարի մուտքին, ցուցադրութեան դրուած էին Ցեղասպանութենէն վերապրող հայերու պատկերներ, որոնց տակ արձանագրուած էին անոնց տառապալից անձնական վկայութիւններէն տողեր։

Հարիւրաւոր հոգեւորականներու մասնակցութեամբ՝ դպիրներ, սարկաւագներ, քահանաներ, վարդապետներ եւ եպիսկոպոսներ, գլխաւորութեամբ Հոզէ արք. Կոմեզի, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, հանդիսաւոր թափօրով մը մուտք գործեցին տաճար, «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ։ Հանդիսավար՝ հայր Ալեքսի ողջունեց ներկայութիւնը եկեղեցական ու քաղաքական բոլոր դէմքերուն եւ ներկայացուցիչներուն, ու ապա հրաւիրեց կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Հոզէ արք. Կոմեզը, որ իր բարի գալստեան խօսքին մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Կիրակի, Ապրիլ 12ին, Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ տեղի ունեցած պատմական Ս. պատարագին, երբ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանայապետը՝ Ֆրանսիս Ա. պապը ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան զոհ գացած նահատակները եւ արդարութեան կոչ ուղղեց։

Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան բեմ հրաւիրուելով, արտասանեց իր ողջոյնի խօսքը։ Մէջբերելով պապին քարոզին այն խօսքերը, թէ «յանցանքը ծածկելը կամ չարիքը ուրանալը նման է այն կեցուածքին, որ վէրքը բաց եւ առանց դարմանումի կը թողուի եւ թոյլ կը տրուի որ արիւնահոսութիւնը շարունակուի», առաջնորդը նշեց, թէ «այսօր, մենք ալ տաճարին մէջ համախմբումի մեր միութեան ընդմէջէն կը յայտարարենք, թէ կը յիշենք։ Անցեալ Կիրակի, համայն աշխարհը յիշեց եւ խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, որովհետեւ մեր Տէրը՝ Յիսուս քրիստոս կ՛ըսէ. «Չկայ ծածուկ բան, որ չյայտնուի, եւ կամ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ»։ Անցնող հարիւր տարիներուն ընթացքին, Ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնը սփռուեցաւ աշխարհին, եւ վստահ ենք, որ ճիշդ ժամանակին Հայոց Ցեղասպանութիւնը պիտի ստանայ համաշխարհային ճանաչում, եւ միայն այն ատեն կը սկսի վէրքի դարմանումը»։

Եկեղեցական արարողութիւնը ընթացք առաւ: Արարողութեան աղօթքներուն եւ սաղմոսասացութեանց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն կողքին նաեւ մասնակից դարձան Ամերիկայի կաթողիկէ, հայ կաթողիկէ, հայ աւետարանական, յոյն եւ ռուս ուղղափառ, ղըպտի, ասորի, մարոնի, եւ ամերիկեան աւետարանական եկեղեցիներու ինչպէս նաեւ հրեայ համայնքի ներկայացուցիչներ։ Մասնակից եպիսկոպոսները փոխն ի փոխ ընթերցեցին սաղմոսներ, կարդացին աւետարանական հատուածներ, աղօթքներ եւ մաղթանքներ։

Նախքան հոգեհանգստեան ա-րարողութիւնը, բեմ հրաւիրուեցաւ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ իր խօսքի աւարտին, բեմ հրաւիրեց օրուան գլխաւոր պատգամաբեր, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթին, որ իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց քաղաքին մէջ հայ ժողովուրդին ներդրումներուն համար, հպարտութիւն համարելով արդար իրաւունքներու պահանջատէր ազգի մը կողքին ըլլալու եւ մօտէն առնչութիւն ունենալու իր բախտաւորութիւնը։ Այնպէս, ինչպէս տաճարները պատուհաններու պէտք ունին աղօթքները Աստուծոյ լսելի դարձնելու, այնպէս ալ ան ներկաները նմանցուց արդարատենչ ազգի մը մէկական պատուհաններուն, եւ անդրադառնալով արդարութեան եւ պահանջատիրութեան ոգիին, իր աջակցութիւնն ու մնայուն զօրակցութիւնը յայտնեց հայութեան: Ան արժանացաւ ներկաներուն յոտնկայս ծափահարութեան։

Հոգեհանգստեան արարողութեամբ, Ապրիլեան Նահատակներու յատուկ շարականով եւ աղօթքներով, ապա նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդներուն՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Յովնան արք. Տէրտէրեանի կողմէ «Փառք քեզ Տէր Աստուած մեր» մաղթանք-աղօթքին երգեցողութեամբ միջեկեղեցական արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքի հաւաքական երգեցողութեամբ եւ Հոզէ արք. Կոմեզի արձակման աղօթքով։ Հանդիսաւոր թափօրը «Գոչեմք առ ձեզ Ս. նահատակք» շարականի երգեցողութեամբ ընթացք առաւ, երբ առաջնորդներ օրհնութիւններ փոխանցեցին խուռներամ հաւատացեալներուն։

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի պատմական եւ անմոռանալի յիշատակութեան սոյն արարողութենէն հազարաւոր հայորդիներ սրտի անհուն գոհունակութեամբ եւ արդարութեան քայլ մը եւս մօտեցած ըլլալու վստահութեամբ մեկնեցան իրենց տուները։








All the contents on this site are copyrighted ©.