2015-04-21 09:59:00

Պէյրութի ուԴամասկոսի մէջ աղօթքներ առեւանգուած կղերականներուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 19 Ապրիլ 2015-ին, օրթոտոքս եկեղեցին կոչ ուղղած է միջազգային հասարակութեան խնդրելով աւելի յանձնառութեամբ գործելու Հալէպէն երկու տարի առաջ  առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներուն ազատագրումին համար։ Իր կարգին Սուրիոյ մօտ առաքելական դեսպանը` գերապայծառ Mario Zenari յիշեցուց որ Սուրիոյ մէջ աւելի քան 20 հազար հոգիներ առեւանգուած են, աշխարհական թէ եկեղեցական, իսլամ թէ քրիստոնեայ, սուրիացի թէ օտար, որոնց կարգին կը գտնուին նաեւ լրագրողներ։  Բացի Ասորի եւ Յոյն Օրթոտոքս երկու եպիսկոպոսներէն (առեւանգուած 22 Ապրիլ 2013-ին) կայ նաեւ իտալացի  Յիսուսեան հայր Փաոլօ Տալլոլիօ (29 Յուլիս 2013) եւ այլ երկու քահանաներ` տէր Միքայէլ Քայալ` հայ կաթողիկէ եւ յոյն օրթոտոքս վարդապետ մը։

Կիրակի 19 ապրիլին  Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ տեղի ունեցան համամիութենական հանդիպումներ­,  որոնց ընթացքին աղօթքներ կատարուեցան առեւանգուած վերոյիշեալ եկեղեցականներու ազատագրումին համար։

''Որքան ժամանակ կ՛անցնի այնքան վհատութիւն կը տիրէ հաւատացեալներու միջեւ'', ըսաւ առաքելական դեսպանը, ընդգծելով որ ոչ մէկ տեղեկութիւն ունինք վերոյիշեալ առեւանգուած անձերու մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.