2015-04-21 09:05:00

Ղպտի Եկեղեցւոյ պետը կը մասնակցի 23-ապրիլի հայ նահատակներու սրբադասման արարողութեան


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման արարողութիւններուն մասնակցելու նպատակով Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հրաւէրով 20 Ապրիլին Հայաստան հասած է Ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թէոդորոս Բ. պատրիարք։ Ան դիմաւորուած է Տաւուշի թեմի առաջնորդ Եզնիկ արք. Պետրոսեանի, Մայր Աթոռի կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանի եւ Մայր Աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանի կողմէ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Մայր տաճարին առջեւ, Թէոդորոս Բ. պատրիարքը դիմաւորած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: Եղբայրական ողջագուրումէն ետք երկու եկեղեցիներու հովուապետերը զանգերու ղօղանջներուն ներքոյ թափօրով առաջնորդուած են Մայր տաճար, ուր Իջման Ս. Սեղանին առջեւ կատարուած է գոհաբանական աղօթք:
Անկէ ետք Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը բարի գալստեան խօսքով ողջունած է Թէոդորոս պատրիարքը: «Մենք մեծ մխիթարութիւն ենք ապրում, որ այս օրերին, երբ մեր ժողովրդի զաւակները ոգեկոչում են Հայոց Ցեղասպանութեան 10րդ տարելիցը, մեր Քոյր Եկեղեցու հոգեւոր պետը Մեզ հետ է եւ մեր ժողովրդի կողքին», ըսած է Գարեգին Բ.:
Վեհափառ հայրապետը գոհունակութեամբ ընդգծած է, որ յառաջիկայ օրերուն տարբեր եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր եւ ներկայացուցիչներ միասնաբար պիտի դատապարտեն աշխարհի մէջ տեղի ունեցած եւ մարդկային կեանքին դէմ ուղղուած ամէն տեսակի ոճրագործութիւն, ինչպէս նաեւ աղօթեն աշխարհի խաղաղութեան եւ բարօրութեան համար: Գարեգին Բ. մաղթած է նաեւ, որ Երկնաւոր Տէրը արդիւնաւորէ եկեղեցիներու աստուածադիր առաքելութիւնը՝ աւելիով նպաստելու ժողովուրդներուն միջեւ փոխհասկացողութեան եւ հանդուրժողականութեան ոգիի ամրապնդման: Աւարտին կաթողիկոսը Թէոդորոս Բ. պատրիարքին մաղթած է Տիրոջ զօրակցութիւնը՝ իր դժուար առաքելութեան մէջ:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի խօսքէն ետք ողջոյնի ու երախտագիտութեան խօսքով հանդէս եկած է Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Թէոդորոս Բ. պատրիարք: Նշելով, որ մնայուն կերպով հետաքրքրուած է հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեամբ՝ ան անդրադարձած է նաեւ երկու եկեղեցիներուն միջեւ առկայ բարեկամական սերտ գործակցութեան: Խօսքի աւարտին Թէոդորոս Բ. վստահութիւն յայտնած է, որ այս այցելութիւնը Յիսուս Քրիստոսի նկատմամբ ունեցած հաւատքի վերանորոգման առիթ պիտի դառնայ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.