2015-04-21 09:20:00

Երեւանի մէջ երկօրեայ միջազգային համաժողով


Ցեղասպանութիւններու կանխարգելման ուղիները եւ անոնց կրկնութիւնը բացառող երաշխիքները Երեւանի մէջ պիտի որոնեն աւելի քան 600 խորհրդարականներ, դիւանագէտներ, ցեղասպանագէտներ երկօրեայ միջազգային համաժողովի ծիրէն ներս:

Ապրիլ 22-­23­ին տեղի ունենալիք միջազգային համաժողովի բացումին պիտի մասնակցի ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Այս մասին Ապրիլ 20-­ին մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Կարէն Նազարեանը: «Կլոպալ ֆորումի (միջազգային համաժողով-ԵՌԳ.) նպատակն է նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններից մէկի իրականացմանը` քննարկման առարկայ դարձնելով ցեղասպանութիւնների կանխարգելման մեխանիզների զարգացումը` իսպառ բացառելու 1915­-ին եւ դրան յաջորդած տարիներին նմանօրինակ այլ զահուրելի յանցագործութիւնների կրկնութիւնը»,-­«Արմէնփրես»-­ի փոխանցմամբ` ըսած է ԱԳ փոխնախարարը:

Երկօրեայ համաժողովին պիտի քննարկուի միջազգային իրաւունքի մէջ մարդկութեան հանդէպ ոճրագործութիւններու կանխարգիլման միջոցներու զարգացման հարցը, որուն նպատակն է վեր հանել մարդկութեան դէմ յանցագործութեան հայեցակարգի ձեւաւորման պատմական զարգացումն ու անոր յետագայ ընդլայնման հնարաւորութիւնը:

Համաժողովի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ մասնագիտական քննարկումներ: Անոնցմէ մէկը հոգեւորականներու համաժողովն է`«Եկեղեցիները ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան. մարդկային կեանքը` Աստուծոյ պարգեւ» թեմայով, ինչպէս նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ԵՊՀ համագործակցութեամբ` իրաւաբաններու համաժողովը:








All the contents on this site are copyrighted ©.