2015-04-20 14:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Կապոնի Եպիսկոպոսներուն


Երկուշաբթի, 20 ապրիլի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեցաւ Կապոնի եպիսկոպոսները անոնց՝ Սուրբ Առաքեալներու Գերեզմաններուն կատարած Հնգամեայ Կանոնական Այցելութեան առիթով եւ անոնց յանձնեց պատգամ մը։ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ կը յիշէ, որ այս տարի Կապոնի կաթողիկէ Եկեղեցին կը կատարէ իր հիմնարկութեան 170րդ տարեդարձը։ Այս առիթով ան իր յատուկ ողջոյնի խօսքը կ’ուղղեց Կապոնի բոլոր հաւատացեալներուն։ Ան կը շեշտէ եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու համագործակցութեան անհրաժեշտութեան վրայ եւ ասոր առընչութեամբ կարեւոր կը նկատէ քահանաներու կազմաւորման աշխատանքը, որուն համար եպիսկոպոսներ մեծ պատասխանատուութիւն ունին։

Վերջապէս Սրբազան Պապը դրուատիքի խօսքերով կը յիշէ կրօնաւորական կեանքի նուիրուած անձերը եւ բոլոր հաւատացեալները, որոնք կը նպաստեն Կապոնի մէջ Աստուծոյ Արքայութեան տարածումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.