2015-04-20 09:23:00

700 զոհ. փախստականներ փոխադրող նաւ մը ընկղմեցաւ


Առնուազն 700 գաղթականներ զոհ գացին կիրակի կանուխ առաւօտուն, երբ զանոնք Լիպիայէն դէպի Եւրոպա ապօրինի կերպով փոխադրող նաւը ընկղմած է շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին: Դէպքը պատահած է լիպիական ափերէն 60 մղոն (96քմ) անդին: Ասիկա ծովային գաղթականութեան ամէնէն ահաւոր աղէտը կը նկատուի:

2015-ին արդէն 1500-ի հասած է զոհերուն թիւը` նկատի ունենալով անցնող շաբթուան ընթացքին նմանօրինակ պայմաններու մէջ այլ նաւու մը 400 զոհերու թիւը: Եւրոպական պետութեանց նախարարներ արտակարգ նիստի հրաւիրուած են` քննելու համար որդեգրուելիք միջոցառումները, մինչ ՄԱԿ-ի թէ Եւրոպական Միութեան եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններ լծուած են փրկարար աշխատանքներու:








All the contents on this site are copyrighted ©.