2015-04-19 12:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ ''Ուրախ Լեր Թագուհի'' աղօթքը։


Կիրակի` 19 ապրիլի կէսօրին, Ֆրաչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց ''Ուրախ  Լեր թագուհի'' Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ անդրադարձաւ օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն, շեշտը դնելով ''վկայ'' բառին վրայ։

Վկան – ըսաւ Քահանայապետը -  այն անձն է որ տեսաւ, կը յիշէ եւ ապա կը պատմէ։ Այս երեք բայերը կը նկարագրեն վկային ինքնութիւնն ու առաքելութիւնը։

Վկան կը տեսնէ ու անտարբեր չմնար տեսածին հանդէպ ապա կը յիշէ որովհետեւ այդ եղելութիւնը դպած է ու խօսած է նաեւ իրեն. հուսկ կը պատմէ որովհետեւ այն օրէն իր կեանքը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ։

Քրիստոնէական վկայութեան բովանդակութիւնը` տեսութիւն մը, գաղափարական մը կամ ցուցմունքներու եւ արգելքներու բարդ համակարգ մը չէ, այլ պատգամն է` փրկութեան։

Որոշիչ եղելութիւնը մը, այլապէս անձ մը` Յարուցեալ Քրիստոսը, կենդանի եւ միակ Փրկիչը բոլորին։

Ամէն մէկ քրիստոնեայ կարող է դառնալ Յարուցեալ Յիսուսի վկան ու անոր վկայութիւնը աւելի հաւատալի է որքանով որ այդ կը յայտնուի աւետարանական ապրումի մէջ, ուրախ, քաջարի, խոնարհ, խաղաղ եւ ողորմած։

''Մարիամ մեր Մայրը մեզի թիկունք կանգնի ու բարեխօսէ, որպէսզի մեր սահմանափակ կարողութիւններուն հանդերձ, հաւատքի շնորհքով կարողանանք դառնալ Յարուցեալ Տիրոջ վկաները մեր բոլոր հանդիպած մարդոց տանելով Զատկուայ` ուրախութեան եւ խաղաղութեան պարգեւները'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը ու արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն որուն սկիզբը ի լուր գաղթականներ փոխադրող նաւի մը նաւաբեկութեան միջերկրական ծովին մէջ,  իր ցաւը յայտնեց ու զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն ապահովեցուց իր մօտիկութիւնն ու աղօթքները ու ապա կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան` որպէսզի անյապաղ ու վճռակամ միջամտէ կանխարգիլելու համար այսպիսի ողբերգութիւններ։

Սրբազան Հայրը հուսկ ողջունեց զանազան վայրերէն ժամանած խումբերը եւ յայտնեց թէ այսօր` Թորինօ Քաղաքին մէջ սկիզբ կ՛առնէ Վարշամակի հանրային ցուցադրութիւնը ու թէ ինք Աստուծոյ կամքով Թորինօ պիտի այցելէ յառաջիկայ 21 յունիսին։

Յոյսս է – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը– որ այս մեծարանքի ներգործութիւնը մեզ ամէնքս օգնէ Յիսուսի Քրիստոսի մէջ տեսնելու Աստուծոյ ողորմած դիմագիծը, ու զայն նաեւ ճանչնալու մեր եղբայրներու դիմագիծին մէջ, յատկապէս անոնց որ կը տառապին։

Բարի Կիրակի եւ հաճեցէք չմոռնալ աղօթել ինծի համար ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաժեշտ առնելով ներկաներէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.