2015-04-18 12:43:00

ֆրանսայի բողոքական դաշնակցութիւնը կը զօրակցի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի կոչին։


(Ռատիօ Վատիկան) 24 Ապրիլ 2015, համայն աշխարհի հայերը կ՛ոգեկոչեն Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը։ Այս առթիւ հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդը աղօթքի կոչ մը ուղղած է որպէսզի Թուրքիան ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ներում խնդրէ ու դուռը բանայ հաշտութեան։

ֆրանսայի բողոքական դաշնակցութիւնը իր կարգին զօրակցութիւն յայտնած է եւ ողջունած սոյն նախաձեռնութիւնը, իր կարգին հաւատացեալներէն խնդրելով որ այդ դիտաւորութեան համար աղօթեն, մատնանշելով որ Հայաստանը առաջինը եղաւ որ ընդգրկեց քրիստոնէութիւնը որպէս Պետական կրօն` 301 թիւին։ Անիկա ժողովուրդ մըն է շատ կառչած իր արմատներուն ու քրիստոնէական հաւատքին։

Վերապատուելի François Clavairoly նախագահը ֆրանսայի բողոքական դաշնակցութեան հրաւիրեց հաւատացեալները որ կիրակի` 26 Ապրիլի ծիսակատարութեան ընթացքին աղօթեն վերոյիշեալ դիտաւորութեան համար։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.