2015-04-17 11:32:00

Աստուածասիրութիւնն ու եղբայրսիրութիւնը կրօնաւորական կեանքին մէջ


Աստուածասիրութիւնը կրօնաւորական կեանքին մէջ կը թարգմանուի նաեւ եղբայրսիրութեամբ, որովհետեւ ինչպէս կ՛ըսէ մեզի Սուրբ Գիրքը, Յիսուսի բերնով` ոչ ոք կրնայ զԱստուած սիրել առանց իր եղբայրը սիրելու. Աստուածասիրութիւնը եւ եղբայրսիրութիւնը անբաժան տարրեր են: Աստուածաշունչը կը հաստատէ այս դիտողութիւնը երբ կ՛ըսէ. «Եթէ մէկը կ՛ըսէ թէ կը սիրեմ Աստուած, մինչդեռ ատելութիւն ունի իր եղբօր հանդէպ, ան ստաղոս է: Գործնականին մէջ, ան որ չի սիրէր իր եղբայրը, զոր կը տեսնէ, անկարող է սիրել Աստուած, զոր չի տեսնէր» (1 Յով. 4, 20): Սակայն այս գրութիւնը չի բացահանէր Աստուծոյ սէրը որպէս անկարելի բան մը. ընդհակառակը, Յովհաննու Առաջին Նամակի ընդհանուր վիճակին մէջ, զոր նշուած է, այս սէրը բացայայտօրէն պահանջուած է: Այս է անբաժանելի կապը Աստուծոյ սիրոյ մերձաւորի սիրոյ միջեւ, զոր գրուած է: Երկուքը կը նշանակուին այնքան սերտօրէն, որ Աստուծոյ սիրոյ հաստատումը կը վերածուի ստախօսութեան եթէ մարդը չի յարաբերիր իր մերձաւորին հետ կամ ալ եթէ զինք ատէ: Պէտք է աւելի մեկնաբանել Յովհաննական հատուածը, այն իմաստով ուր սիրել իր մերձաւորըը ճանապարհ է նաեւ հանդիպելու համար Աստուծոյ, ուր խփել աչքերը իր մերձաւորին հանդէպ, զինքը Աստուծոյ առջեւ նաեւ կոյր կը վերածէ:

            Սէրը քրիստոնէական կեանքին մէջ ընդհանրապէս, եւ կրօնաւորական կեանքին մէջ մասնաւորապէս, միայն զգացում չէ: Զգացումները կու գան ու կ՛երթան: Զգացումը կրնայ ըլլալ հրաշալի սկզբնական ճրագ, սակայն սիրոյ ամբողջութիւնը չէ: Աստուծոյ սիրոյ տեսանելի յայտնաբերումները կրնան մեզի  պատճարել ուրախութեան զգացումը հանդէպ մեր եղբայրակիցին, որ կը ծնի սիրուելու փորձառութենէն: Սակայն այս հանդիպումը կը պահանջէ նաեւ մեր կամքը, մեր իմացականութիւնը: Կենդանի Աստուծոյ ճանաչումը ճամբան է սիրոյ, մեր կամքին ես-ը իրենին կը միացնէ իմացականութիւնը, կամքը եւ զգացումը, համախմբելով սէրը  այս գործողութեամբ:

            Մերձաւորին սէրը կարելի կ՛երեւի նաեւ Աստուածաշունչով, Յիսուսի հաստատած իմաստով: Ան կը կայանայ ճշտապէս նաեւ այն բանին մէջ, որ անձը զոր չեմ արժեւորեր կամ որուն երբեք չեմ ճանչնար կը սիրեմ, Աստուծմով ու Աստուծոյ հետ: Ասիկայ չ՛իրականանար միայն Աստուծոյ մտերիմ հանդիպումով: Կը սորվիմ ուստի նայիլ այս կամ այն անձին ոչ միայն աչքերովս ու զգացումներովս, սակայն շնորհիւ Յիսուս Քրիստոսի հեռանկարով: Իր բարեկամը իմ բարեկամս է: Կը տեսնեմ Քրիստոսի աչքերով ու կրնամ տալ ուրիշին աւելի քան այն արտաքին կարեւոր բաները զորս իրեն անհրաժեշտ են. կրնամ իրեն տալ սիրոյ նայուածքը, զոր պէտք ունի:

            Այլ կարեւոր կէտ մըն ալ կայ, որ եթէ հպումը Աստուծոյ հետ զիս կը դարձնէ ամբողջովին թերութիւն իմ կեանքիս մէջ, չեմ կրնար երբեք տեսնել միւսին մէջ միայն միւսը, չեմ յաջողիր ճանչնալ իր մէջ աստուածային պատկերը: Եթէ հակառակը իմ կեանքիս մէջ կ՛անտեսեմ բոլորովին ուրիշին ուշադրութիւնը, փափաքելով միայն ըլլալ «բարեպաշտ» ու կատարել իմ կրօնական եւ կրօնաւորական պարտականութիւններս», ուստի նոյնիսկ կապս Աստուծոյ հետ կը չորանայ:

            Աստուծոյ սէրը եւ մերձաւորիին սէրը անբաժանելի են, միեւնոյն պատուիրան են: Երկուքը այսուհետեւ կ՛ապրին իմացուած սէրով եկած` Աստուծմէ, որ մեզ սիրեց առաջինը: Ուստի, այլեւս «պատուիրան»ի հարց չէ, որ մեզ կը պատուիրէ անկարելին արտաքինէն, բայց հակառակը սիրոյ փորձառութեամբ, տուած ներքինէն, սէր մը, որ իր բնականութեամբ, պէտք է հետեւաբար բաժնել ուրիշներու հետ: Սէրը կը մեծանայ սէրով: Սէրը «աստուածային» է, որովհետեւ ան կու գայ Աստուծմէ ու մեզ կը միացնէ Աստուծոյ, այս միացումի գործողութեամբ, մեզ կը վերածէ Մենքի մը, հասարակաց կեանքի մը, որ կը շրջանցէ մեր տրոհումները ու մեզ կը վերածէ մէկ, մինչեւ որ վերջաւորութեան, Աստուած ըլլայ «ամէնը ամէնքին մէջ» (1 Կող. 15, 28): 








All the contents on this site are copyrighted ©.