2015-04-16 12:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 16 ապրիլի քարոզը


Հինգշաբթի, 16 ապրիլի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզեց “Աստուծոյ հնազանդելու” առաքինութեան մասին, որ օրուան սուրբգրային ընթերցուածներու պատգամին կորիզը կը կազմէր։

Գործք Առաքելոց գրքի հինգերորդ գլխուն մէջ կը կարդանք՝ “Պետրոս եւ Յովհաննէս պատասխան տուին. ’պէտք է առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ՝ քան մարդոց”։

“Աստուծոյ հնազանդիլ՝ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, քաջութիւնն է փոխելու ճանապարհը, երբ Տէրը մեզմէ կը պահանջէ այդ։ Շատ անգամ մեզ կը տանի ճամբէ մը, որ ըստ մեր կարծիքին ճիշտ ճանապարհը չէ։ Այն անձը, որ կը հնազանդի՝ ունի յաւիտենական կեանքը, մինչ՝ այն անձը, որ չի հնազանդիր՝ կ’ենթարկուի Աստուծոյ բարկութեան։” Առաքեալներու գործերուն մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս հաւատացեալներու թիւը կ’աճէր։ Իսկ հրեաներու քահանայապետները եւ դպիրները կը հակառակէին առաքեալներուն՝ տեսնելով անոնց մէջ թշնամիներ։ Կը բանտարկէին առաքեալները՝ սակայն անոնք ազատելով բանտէն Տիրոջ հրեշտակին ձեռքով՝ կը վերադառնային կրկին քարոզելու ըսելով՝ “պէտք է առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ՝ քան մարդոց։”

Թէեւ դպիրները ուսուցիչներ էին, ուսումնասիրած էին իրենց ժողովուրդի պատմութիւնը, մարգարէութիւնները եւ օրէնքը, կը պահպանէին իսրայէլի ժողովուրդին աստուածաբանութիւնը եւ Աստուծոյ յայտնութիւնը, եւ սակայն անկարող էին ճանչնալու Աստուծոյ փրկագործութիւնը։ Այս կեցուածքը պնդագլխութիւն չէր՝ այլ կարծրասրտութիւն։

Այն անհատը, որ չի կրնար խօսակցիլ կամ երկխօսութիւն վարել՝ չի հնազանդիր Աստուծոյ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ շարունակելով՝ “այս պնդագլխութեան պատմութիւնը կը կայանայ՝ ինքզինք փակելու եւ երկխօսութեան բացակայութեան մէջ։”

Այն անձը, որ չ’ուզեր երկխօսութիւն կայացնել, կ’ուզէ լռեցնել անոնք, որոնք կը քարոզեն Աստուծոյ նոր պատգամը՝ Գործք Առաքելոցի պատմած դրուագի պարագային՝ Յիսուսի Յարութիւնը։ Այդ անձը բաց չէ Տիրոջ ձայնին եւ Անոր նշաններուն, զորս Աստուած կը կատարէ Իր ժողովուրդին մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը փակելով իր խօսքը ըսաւ՝ “այս Պատարագին մէջ աղօթենք ուսուցիչներու համար, վարդապետներու համար եւ անոնց համար որոնք կ’ուսուցանեն Աստուծոյ ժողովուրդին, որպէսզի չփակուին, որպէսզի երկխօսութիւն կայացնեն եւ փրկուին Տիրոջ բարկութենէն։”

 








All the contents on this site are copyrighted ©.