2015-04-16 12:50:00

Սուրիոյ մօտ առաքելական դեսպանին մտահոգութիւնները


''Հալէպի եկեղեցիներու կրօնապետերու խորհուրդը, չորեքշաբթի, 15 ապրիլին, հաղորդագրութեամբ մը կոչ ուղղած է Միջազգային ընտանիքին՝ ''կը բաւէ’ աւերը ու վիշտը, կը բաւէ’ որ Սուրիան ասպարէզ հանդիսանայ մահաբեր նոր զէնքերու''։ Հալէպ քաղաքը  ժամանակին եղած է երկրին տնտեսութեան սիրտը։

Իսկ՝ Սուրիոյ մօտ Առաքելական դեսպան Գերապայծառ Մարիօ Ծէնարին իր կարգին  մտահոգութիւնը յայտնելով ըսած է՝  դժբախտաբար Օրթոտոքս եկեղեցիներու Սուրբ  Զատկուայ տօնական օրերուն ,Հալէպի քրիստոնաեայ զանազան թաղամասեր  թիրախ դարձած են  ռմբակոծութեան, յատկապէս Սուլէյմանիա շրջանը։ Անթիւ եկեղեցիներ քանդուեցան, որոնց շարքին Մարոնիներու, Մելքիթներու, ինչպէս նաեւ Հայերու պատկանող եկեղցիները։ Գերապայծառ Զէնարի սրտի ցաւով կը յայտնէ թէ՝մօտ 700 քրիստոեայ ընտանիքներ այս առաւօտ, փախուստ տուած են Հալէպ քաղաքէն եւ այս լուրը  ահ ու սարսափ պատճառած է Հալէպի քրիստոնեաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.