2015-04-16 10:44:00

Իսրայէլի նախագահին այցելութիւնը Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն ։


Իսրայէլի նախագահը Reuven Rivlin, երեքշաբթի, 14 ապրիլին,  այցելեց Երուսաղէմի յոյն օրթոտոքսներու պատրիարքարանը, ուր հանդիպում ունեցաւ Եուսաղէմի բոլոր նուիրապետութիւններու ներկայացուցիչներու հետ եւ անոնց ներկայացուց Ս. Զատկուայ բարեմաղթութիւնները։ Նշենք, որ այս առաջին անգամն է որ Իսրայէլի նախագահը հանդիպում  կ’ունենայ քրիստոնեայ համայնքապետերու հետ։ Նախագահը իր խօսքին մէջ վերստին դատապարտեց կրօնաւորական վայրերու դէմ գործադրուած  ահաբեկչական արարքները։ Նոյնպէս, ան յայտնեց իր կամքը նախագահելու Հայոց  ցեղասպաննութեան 100 ամեակի արարողութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ ս. Թաղման տաճարին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.