2015-04-16 09:44:00

Եւրոխորհրդարանը Ապրիլ 24ը հռչակեց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Եւրոխորհրդարանը Ապրիլ 15ի իր լիագումար նիստին ընթացքին, «Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակ» նիւթով քննարկումներէն ետք միաձայնութեամբ վաւերացուց «Ապրիլ 24ը Եւրոպական Միութեան մէջ Ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակելու մասին» բանաձեւը:

Բանաձեւի նախագիծի քննարկման ընթացքին շարք մը պատգամաւորները կոչ ըրին Թուրքիոյ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Այս փաստաթուղթով, Եւրոխորհրդարանը՝ Եղբայրութեան, համերաշխութեան եւ արդարութեան եւրոպական արժէքներու ոգիով, կը միանայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակման:

Եւրոխորհրդարանը նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք նպաստած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, կ՛առաջարկէ Ցեղասպանութեան յիշատակի համաեւրոպական մէկ օր սահմանել, «անգամ մը եւս ընդգծելու աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու եւ բոլոր պետութիւններու խաղաղ եւ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը»:

Եւրոխորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող որոշում ընդունած էր 2005ի Սեպտեմբեր 28ին, իսկ 1987ի Յունիս 18ին. նոյն կառոյցի ընդունած բանաձեւին մէջ մասնաւորապէս նշուած էր, թէ Եւրոխորհրդարանը 1915-1917 թուականներուն, Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները կ՛ընդունի, որ ցեղասպանութիւն են, ըստ ՄԱԿի սահմանումին:








All the contents on this site are copyrighted ©.