2015-04-16 11:14:00

Բենեդիկտոս ԺԶ. Վաստակաւոր Քահանայապետ կը բոլորէ 88 տարիքը


Ապրլիլի 16ին՝ Բենեդիկտոս ԺԶ. Վաստակաւոր Քահանայապետ կը բոլորէ իր կեանքի 88րդ տարին։ Վաստակաւոր Քահանայապետը իր հրաժարումէն ետք կը մնայ Վատիկանի “Մաթեր Էքքլէզիէ” վանքին մէջ՝ ապրելով ներանձնացեալ աղօթքի կեանք մը։ Զանազան աղբիւրներէ, նաեւ հանրացանցի միջոցաւ՝ կը հասնին բազմաթիւ շնորհաւորականներ։ Առաւօտեան՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Տոմուս Սանթա Մարթայի Պատարագը մատուցած է իր նախորդի դիտաւորութեան՝ յղելով անոր նաեւ յատուկ շնորհաւորական խօսքը ըսելով՝ “Կ’ուզեմ յիշել, որ այսօր Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետի տարեդարձն է։ Պատարագը մատուցի իր դիտաւորութեան։ Կը հրաւիրեմ նաեւ ձեզ՝ որ աղօթէք իրեն համար՝ որ Տէրը զինք պահպանէ եւ տայ իրեն յոյժ ուրախութիւն եւ երջանկութիւն”։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.