2015-04-15 10:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը եկեղեցական կոչումներու աղօթքի 52-րդ օրուան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Եկեղեցական կոչումներու աղօթքի 52-րդ օրուան նիւթն է ‘’Ելքը, եկեղեցական կոչումին հիմնական փորձառութիւնը’’։ Եկեղեցական կոչումներու աղօթքի 52-րդ օրը կը նշուի Զատկուայ չորրորդ կիրակին որ այս տարի կը զուգադիպի 26 ապրիլին։

Այս առթիւ հրատարակած իր պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը գրէ.

Սիրեցեալ եղբայրներ  ու քոյրեր Զատկուայ Դ. Կիրակին կը ներկայացնէ պատկերը Բարի Հովիւի, որ կը ճանչնայ իր ոչխարները, անունով կը կանչէ, կը կերակրէ ու կ’առաջնորդէ զանոնք։ Եկեղեցին աւելի քան 50 տարիէ կը վերակոչէ այս օրը եւ կը հրաւիրէ Աստուծոյ ժողովուրդը աղօթելու կոչումներուն համար, ինչպէս Յիսուս ըսած է իր աշակերտներուն. ‘’Խնդրեցէք հունձքի Տիրոջմէն որ մշակներ ղրկէ իր հունձքին համար’’։ Յիսուս այս հրահանգը տուած է առաքելութեան (Աստուծոյ խօսքը քարոզելու) համար։ Եկեղեցին բնութեամբ միսիոներական է։ Անսալ ու հետեւիլ Բարի Հովիւի ձայնին, կը  նշանակէ թոյլ տալ Ս. Հոգւոյն որ մեզ ուղղէ դէպի միսիոնարական կեանք, արծարծելով հաւատացեալներու մէջ արիութիւնը` նուիրելու իրենց կեանքը Աստուծոյ Առաքելութեան դատին ի խնդիր։
Սեփական կեանքը նուիրելու ընտրութիւնը կարելի է միմիայն եթէ կարող ենք մենք մեզմէ դուրս ելլել կը գրէ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւնը  կեդրոնացնելով ''Ելքի'' նշանակութեան վրայ։
Ելքը Աստուածաշունչի երկրորդ Գիրքն է, ուր կը պատմուի փրկութեան պատմութիւնը ու քրիստոնէական հաւատքի ուժականութիւնը որ մեր մէջ կը կատարուի հաւատքի  միջոցաւ։
Հաւատալ կը նշանակէ ինքզինք ուրանալ ու կեանքը կեդրոնացնել Յիսուս Քրիստոսի մէջ։ Աբրահամ նահապետի նման հեռանալ պապենական տունէն ու վստահութեամբ յառաջանալ, ապահով ըլլալով որ Տէրը մեզի ցոյց պիտի տայ  ճանապարհը նոր հայրենիքին։
Յիսուսի հետեւելով  առատ կեանք պիտի ունենաք։ Այս ամէնը ունի որպէս հիմ սէրը։ Համապատասխանել Աստուծոյ կանչին կը նշանակէ ապրիլ կեանքին երջանկութիւնը։

''Քրիստոնէական կոչումը միաժամանակ կը խթանէ մեզ յանձնառումով գործելու ի նպաստ ընչազուրկ ու կարօտեալ մեր եղբայրներուն'' կը գրէ հուսկ Քահանայապետը, Երիտասարդները հրաւիրելով իրենց սրտէն վախը դուրս հանելու ու վստահելու Աւետարանի Խօսքին որ կ’ազատագրէ։
Յիսուսի հետեւելով ձեր կեանքը կը դառնայ ուրախ, աւելի հարուստ եւ աւելի երջանիկ։ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը կատարեալ օրինակն է ամէն քրիստոնէական կոչումին։ Ան Գաբրիէլ հրեշտակապետին անվերապահօրէն ըսաւ ‘’Եղիցի’’ համապատասխանելով Տիրոջ կանչին։ Ան թող ընկերակցի ու առաջնորդէ մեզ։ Մարիամ հաւատքի արիութեամբ երգեց ‘’Մեծացուսցէն’’

Անոր կը դիմենք  որպէսզի կարողանանք ըլլալ բոլորովին տրամադիր Աստուծոյ ծրագրին ու մեր մէջ աճի իղձը Աստուծոյ Աւետարանը ճանչցնելու ուրիշներուն։ Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը պաշտպանէ ու բարեխօսէ մեզի համար - եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.