2015-04-15 13:58:00

Ներսէս Պետրոս ԺԹ այցելեց Ռատիովատիկանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 14 ապրիլ 2015-ին, Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ հոգեւոր Տէր` Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքը, պաշտօնական այցելութիւն կատարեց Ռատիովատիկանին։

Այցելութեան ծիրէն ներս Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հանդիպում ունեցաւ Ռատիովտաիկանի ընդհանուր տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիին հետ եւ խմբագրութիւններու բաժանմունքի տնօրէն` Հայր Անտրէա Քոբրովսքիին հետ։

Հանդիպման ընթացքին ակնարկուեցաւ կիրակի` 12 ապրիլին, Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նախագահութեամբ, կայացած Սուրբ պատարագի մասին նուիրուած` հայ ազգի մարտիրոսներուն եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակումին եւ անդրադարձ կատարուեցաւ այդ արարողութենէն յառաջացած արձագանքներու մասին։

Հայր Լոմպարտին, այս առընչութեամբ ընդգծեց, Ռատիովատիկանի առաքելական ծառայութեան կարեւորութիւնը ներառեալ հայկական բաժնի գործունէութեան իւրայատկութիւնը, որպէս բազմազանութեան մէջ հարստութիւն։ Հոգեւոր Տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց Ռատիովատիկանի տնօրէնին անոր նուիրելով Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի մասին երկու գիրք ու շեշտելով Տիեզերական Եկեղեցւոյ տիտղոսի տուչութեան մեծ նշանակութիւնը հայ եկեղեցւոյ եւ հայ հաւատացեալներուն համար։

Պաշտօնական հանդիպումէն ետք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր այցելեց նաեւ Ռատիովատիկանի հայական բաժնի գրասենեակը,  մօտէն ծանօթանալով անոր գործունէութեան ու գնահատելով խմբագրութեան ժրաջան աշխատանքը ի սպաս եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին։








All the contents on this site are copyrighted ©.