2015-04-15 10:02:00

Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրեց Եմէնի շուրջ ծոցի երկիրներուն ներկայացուցած բանաձեւը


ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը 14 թեր եւ 1 ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց Եմէնի շուրջ Ծոցի արաբական երկիրներուն ներկայացուցած բանաձեւը, որ որդեգրուած է ՄԱԿ-ի ուխտի 7-րդ յօդուածին տրամադրութեան տակ եւ կ՛արգիլէ Եմէնի մէջ հուսիներու Անսարուլլահ շարժումին եւ նախկին նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի ուժերուն զէնքի մատակարարումը:

Ռուսիա ձեռնպահ մնաց` առարկելով, որ իր առաջարկները նկատի չեն առնուած:








All the contents on this site are copyrighted ©.