2015-04-15 10:26:00

Գանատայի եկեղեցիներու խորհուրդի կոչը միջամտելու Իրաքի ու Սուրիոյ խաղաղութեան ի սպաս։


(Ռատիօ Վատիկան) Գանատայի եկեղեցիներու խորհուրդը երկրին վարչապետին ուղղած նամակով կը պահանջէ միջազգային ռազմավարութիւն մը Իրաքի ու Սուրիոյ ի նպաստ եւ ի յարկին զինւորական առաքելութիւն մը ուղարկել։ Անոնք իրենց մտահոգութիւնն ու խրովքը կը յայտնեն, որակելով մարդկայնական տագնապը որպէս պատերազմի ոճիրներ մարդկութեան դէմ։  25 եկեղեցիներու խորհուրդը պետութենէն կը պահանջէ բազմապատկելու իր դիւանագիտական ջանքերը ու աւելցնելու մարդկայնական օգնութիւնները ու ամէն ջանք թափել խաղաղութեան վերահաստատումին Իրաք թէ Սուրիա։ Զինւորական միջամտութիւնը

 կարող չէ լուծել Միջին Արեւելքի տագնապը։ Մենք կ’աղօթենք խաղաղութեան համար ու երկխօսութեան հաստատումին։   








All the contents on this site are copyrighted ©.