2015-04-15 12:36:00

15 ապրիլի երեկոյեան, Հռոմի Սանթա Մարիա Այ Մոնթի եկեղեցւոյ մէջ աղօթքի հսկում։


Չորեքշաբթի,15 ապրիլի երերկոյեան, Հռոմի Սանթա Մարիա Այ Մոնթի  ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ, նախատեսուած է Ուքրանիոյ, Սուրիոյ եւ պատերազմներու ու հալածանքներու թիրախ բոլոր երկիրներուն համար՝ խաղաղութեան աղօթքի հսկում , որուն ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան Ասորիներու Պատրիարք Եուսէֆ Գ. Եունանը,  Հալէպի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Պետրոս Միրիաեթեան եւ Հռոմի թեմի եպիսկոպոս գերապայծառ Մաթթէօ Ծուբբի։ Աղօթքի հսկումը կազմակերպուած է Ուքրանիոյ եւ Ասորի համայնքի նախաձեռնութեամբ եւ  աջակցութեամբ Հռոմի թեմի եկեղեցիներու միջեւ միսիոնարական համագործակցութեան եւ գաղթականներու հովուական առաքելութեան գրասենեակներուն։

Աղօթքի նպատակն է հայցել խաղաղութեան պարգեւը Սուրիոյ, Իրաքի, Սուրբ Երկրի, Լիպիոյ, Եմենի, Նիկերիոյ Հարաւային Սուտանի, Քենեայի, Քոնկոյի եւ Ուքրանիոյ համար, ինչպէս նաեւ բոլոր այն  երկիրներուն որոնք թիրախ են հակամարտութիւններու եւ բռնութիւններուն։ Աղօթք պիտի մատուցուի նաեւ Եոհաննա Իպրահիմ եւ Պուլոս Եազիժի արեւանգուած եպիսկոպոսներուն ազատագրումին համար, ինչպէս նաեւ Հայ կաթողիկէ համայնքի Հայր Միքայէլ Քայյալի եւ Յոյն Օրթոտոքս Հայր Իսաակ Մախլուֆի, ինչպէս նաեւ Յիսուսեան հայր Փաոլօ Տալլոլիոյի ազատագրումին համար։  








All the contents on this site are copyrighted ©.