2015-04-14 09:50:00

Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Պատարագը հոգեցունց էր, հոգեպարար եւ անկրկնելի պատմական երեւոյթ


Իտալիայէն վերադառնալով Հայաստան, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ապրիլ 12-ին Վատիկանի մէջ Նորին Սրբութիւն Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի կողմէ Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ մատուցուած պատարագը բնորոշեց իբրեւ հոգեցունց, հոգեպարար,  պատմական երեւոյթ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան գրասենեակը։

Անդրադառնալով Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի ելոյթին ան յատկապէս շեշտեց այն իրողութիւնը, որ Պապը Հայոց
Ցեղասպանութիւնը համարեց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, որ հայերը ցեղասպանութեան  ենթարկուած են  իրենց հաւատքի եւ ազգային պատկանելութեան համար: Ոճրագործութիւնը յիշելը պարտադիր է, որովհետեւ ուր յիշատակ չկայ, այնտեղ չարիքը դեռ բաց կը պահէ վէրքը, իսկ ծածկել յանցանքը կը նշանակէ ձգել, որ վէրքը արիւնահոսի առանց դարմանելու:

Նախարարը ընդգծեց նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Առաջինի, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի տպաւորիչ, ազգային եւ տեղին համար շատ բնորոշ ելոյթները, ինչպէս նաեւ Վատիկանի մէջ  ՀՀ դեսպան Միաքայէլ Մինասեանի արդիւնաւէտ, աշխոյժ եւ օգտակար գործունէութիւնը: «Ձեռնարկները իրականացուեցան ՀՀ նախագահի Իտալիա կատարած պաշտօնական այցի ծիրէն ներս: Եւ երկրի նախագահի, Կաթողիկոսներու եւ կաթոլիկ աշխարհի քահանայապետի ներկայութեամբ  ու մասնակցութեամբ պատարագը ունեցաւ պատմական, համաշխարհային նշանակութիւն ու հնչեղութիւն: Հայ ազգը եւ պետութիւնը  եւս մէկ քայլով համախմբուեցան եւ պիտի շարունակեն պայքարը հայ դատը վերջնական նպատակին հասցնելու համար»,- ըսաւ նախարարը:

Տեղեկացնենք, որ մինչ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած պատարագը, նախարարը ներկայ  գտնուած է նաեւ Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ  Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ կարտինալ Սեպէի կողմէ մատուցուած եկեղեցական արարողութեան ու Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողի` Ջուղայի խաչքարերէն մէկուն կրկնօրինակ խաչքարի բացման եւ օծման արարողութեան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.