2015-04-13 12:52:00

Կարդինալ Սանտրիի ողջոյնի խօսքը 12 ապրիլի երաժշտական երեկոյթի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) 

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Ընդհանրական Եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակուելուն առթիւ, կիրակի 12 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան, Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական կաթողիկէ Հայ Վարժարանի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր եւ դասական երգերու համերգ` Լիբանանէն ''Կռունկ'' եւ Հայաստանէն ''Տիրամայր Հայաստանի'' երգչախումբերու ելոյթով։

Համերգը տեղի ունեցաւ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքի բարձր հովանաւորութեամբ որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ, ի շառս եկեղեցական եւ դիւանագիտական բարձր անձնաւորութիւններու, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին որ այս առթիւ արտասանած իր փակման խօսքին մէջ, ի մէջ այլոց ըսաւ` ''Առ Աստուած գոհաբանութեան ու փառաբանութեան ձեր ձայները այս առաւօտ լսելի եղան Ս. Պետրոս տաճառին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Ընդհանրական Եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակման պատարագին ընթացքին, որ հանդիսապետեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։

Երգերը դարձան աղօթք, եւ ցեղասպանութեան յուզիչ ու վրդովիչ վկայութիւնները ամրապնդեցին մեզ հաւատքի մէջ։

Հայ ժողովուրդին դարերով ապրած ու պահպանած հաւատքը, չարչարանքի ու տառապանքի պահուն, երբ առ երեւոյթս Աստուած լուռ կը մնայ, կը յատկանշուի անոնց սրտէն ու շրթունքներէն  մրմնջող պաղատանքէն, յոյսի ու ապաւինումի երգերով։

Յիսուսի անունը եղաւ հայ ազգի զաւակներուն վերջին ճիչը, ինչպէս վերջերս կատարեցին իրենց գլխատումէն առաջ, քրիստոնեայ 21 ղպտիները, Միջերկրականի ծովեզերքը, ու նոյն կացութեան մատնուեցան ափրիկէի ու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները։

Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը ու ընդհանրական Եկեղեցւոյ Նոր Վարդապետը հսկեն ազնիւ հայ ժողովուրդին վրայ։

Անոնց  բարեխօսութեամբ Աստուած` շնորհէ հաշտութիւն, խաղաղութիւն եւ ներում։

''Ներում, խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն` այս է երգը որ այսօր կը լսենք բխած Աստուծոյ ժողովուրդի սրտէն'', ըսաւ կարդինալը անդրադառնալով նաեւ` Հալէպի տառատպեալ եղբայրներուն ու հայցելով անոնց համար ''յատուկէն բարեխօսութիւն` Հալէպի եղբայրներուն  որոնք այս օրերուն թիրախ են իրենց վրայ տեղացող ռումբերուն որոնք կը  սերմանեն ահ. սարսափ ու աւեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.