2015-04-12 11:29:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի քարոզը 12 ապրիլի պատարագին։


Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչը, որ Յիսուսի աշակերտներուն հետ Վերնատուն ներկայ էր կը տեղեկագրէ որ Յիսուս եկաւ կանգնեցաւ անոնց մէջտեղ եւ ըսաւ. ‘’Խաղաղութիւն ձեզի’’ եւ ‘’ցոյց տուաւ անոնց իր ձեռքերն ու կողը’’, ցոյց  տուաւ անոնց իր վէրքերը։ Այսպէսով անոնք ճանչցան, որ տեսիլք մը չէր, անձամբ ինքն էր, Տէրը, եւ ուրախութեամբ լեցուեցան։ Ութը օր ետք Յիսուս դարձեալ Վերնատուն եկաւ եւ ցոյց տուաւ իր վէրքերը Թովմասին, ըսելով  ձեռնէ զանոնք, ինչպէս ինք ուզած էր, հաւատալու համար եւ իր կարգին դառնար Յարութեան  վկան։ Մենզի եւս, այսօր, Տէրը ցոյց կու տայ, Աւետարանի միջոցաւ, իր վէրքերը։ Անոնք ողորմութեան վէրքեր են։ Արդարեւ `Յիսուսի վէրքերը ողորմութեան վէրքեր են.

Յիսուս կը հրաւիրէ մեզ դիտելու այս վէրքերը,  ձեռնելու զանոնք, ինչպէս ըրաւ Թովմասին, բուժելու մեր թերահաւատութիւնը։ Կը հրաւիրէ մեզ յատկապէս ներթափանցել այդ վէրքերու խորհուրդը, որ է խորհուրդը բազումողորմ սիրոյն։ Անոնց միջոցաւ մենք կարող ենք տեսնել Քրիստոսի եւ Աստուծոյ բոլոր խորհուրդը. Անոր չարչարանքը, անոր երկրաւոր կեանքը, գթութեամբ  լի հանդէպ փոքրերու ու հիւանդներու, անոր մարդեղութիւնը Մարիամի արգանդին մէջ։ Եւ կարող ենք յետադարձ ակնարկ մը կատարել փրկութեան բոլոր պատմութեան. մարգարէութիւններուն, Սաղմոսներուն,  օրէնքին եւ ուխտին, մինչեւ Եգիպտոսէն ազատագրումը, առաջին Զատիկը, անմեղ գառնուկներու զոհաբերումը. Նոյնպէս եւ Նահապետները, Աբրահամը, մինչեւ Աբէլը ու հողէն անոր ճիչող ձայնը։ Այս ամէնը կարող ենք դիտել Խաչեցեալ  ու Յարուցեալ Յիսուսի  վէրքերուն մէջէն, եւ Մարիամի նման, Մեծացուսցէյի մէջ, կարող ենք ճանչնալ, որ անոր ողորմութիւնը ''սերունդէ սերունդ կը տարածուի իր երկիւղածներուն վրայ’’։

Մարդկային պատմութեան ողբերգական դէպքերու դիմաց կը մնանք լուռ ու ապշահար ու մենք մեզի կը հարցադրենք ‘’ի՞նչու’’։ Մարդկային չարասիրութիւնը մեծ դատարկութիւն կը պատճառէ. Սիրոյ դատարկութիւնը, բարիի պակասը, կեանքի պակասը։ Ու մենք մեզի կը հարցադրենք ի՞նչպէս կարելի է լիացնել այդ վիհը, մեզի համար անկարելի է, միմիայն Աստուած կարող է լիացնել այդ պարապութիւնները, որ չարին ճամբայ կը բանան մեր սրտերուն ու մեր պատմութեան մէջ։ Յիսուսը` մարդացեալը ու խաչեցեալը, կարող է լիացնել խորխորատը մեղքի իր ողորմութեան անդունդով։ Սուրբ Պերնարտոսը մեկնաբանելով Երգ Երգոցը կը խօսի Տիրոջ վէրքերու մասին, գործածելով ուժեղ ու յանդուգն արտայայտութիւններ, որ մեզի համար բարիք են։ Ան կ’ըսէ ‘’մարմնոյ վէրքերու միջոցաւ կը յայտնուի Քրիստոսի սիրոյ խորհուրդը, կը դրսեւորուի ողորմած սիրտը մեր Աստուծոյ’’։

 

Ահա, եղբայրներ ու քոյրեր, ուղին, որ Աստուած ցոյց կու տայ դուրս գալու, վերջապէս, չարիի ու մահուան ստրկութենէն  ու առնելու ճանապարհը որ կը տանի դէպի կեանքն ու խաղաղութիւնը։ Այս ճանապարհը Ինքն է` Յիսուս, խաչեցեալ ու Յարուցեալ, ու մասնաւորապէս ողորմութեամբ լի են անոր վէրքերը։

Սուրբերը կը սորվեցնեն մեզի, որ աշխարհը կը բարեփոխուի անձնական սրտի դարձով, եւ ատիկա կ’իրագործուի Աստուծոյ ողորմութեան շնորհիւ։ Այս պատճառաւ, ըլլայ իմ մեղքերուս ու աշխարհի մեծ ողբերգութիւններուն առջեւ. ‘’խիղճը պիտի վրդովի, սակայն պիտի չցնցուի, որովհետեւ պիտի յիշեմ Տիրոջ վէրքերը։ Արդարեւ ‘’անոր սիրտը խոցուեցաւ մեր յանցանքներուն հետեւանքով’’։

Մեր ակնարկը սեւեռելով Յարուցեալ Յիսուսի վէրքերուն, պիտի կարողանանք երգել Եկեղեցւոյ հետ. ‘’Անոր սէրը ցմիշտ է’’, անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Սրտի մէջ դրոշմուած այս խօսքերով, յառաջանանք պատմութեան ճանապարհներու վրայ, ձեռք ձեռքի տուած մեր Տիրոջ ու Փրկչին, մեր կեանքն ու յոյսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.