2015-04-12 08:03:00

12 Ապրիլ 2015 պատմական օր. Սուրբ Պետրոս տաճարի սիրտը կը տրոփէ հայկականութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 12 ապրիլ 2015-ը, հայց ազգի համար իւրայատուկ պատմական բնոյթ ունեցող թուական մը կը հանդիսանայ։

Այսօր` 12 ապրիլ 2015-ին, Քրիստոնէութեան կեդրոն` Հռոմի, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի  Մայր Տաճարին մէջ, ընդհանրական եկեղեցւոյ Պետ` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, հայոց մարտիրոսութեան հարիւրամեակի առթիւ, որուն ընթացքին ապա Հայ ազգի հռչակաւոր  զաւակ` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին “Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ” կը հռչակուի։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ կը համապատարագէ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս Պատրիարքը ի ներկայութեան Ն.Ս. Օ. Գարեգին Բ եւ Ն.Ս. Օ. Արամ Ա-ի եւ մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ` Սերժ Սարգսեանի ու անոր ընկերացող պետական պատուիրակութեան ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ Սփիւռքի զանազան երկիրներէն ժամանած բազմահազար հայորդի հաւատացեալներու։

Պատմական այս սուրբ արարողութիւնը պիտի սփռուի ուղիղ եթերով աշխարհի զանազան հեռուստակայաններու միջոցաւ ինչպէս նաեւ Ռատիովատիկանի կայաններէն։

Վատիկանի պաշտօնական Ռատիոյի հայկական բաժինը` յանձն առած է ուղիղ եթերով սփռել Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի լատինածէս սուրբ պատարագի  հայերէն լեզուով մեկնաբանութիւնը, որուն կարելի է հետեւիլ հետեւեալ համացանցային կեդրոններու միջոցաւ.

Ռատիովատիկանի կայքէջ www.radiovaticana.va.,

Ռատիոկայանի Youtube-ի կայան` https://www.youtube.com/user/radiovaticanavideo

Վատիկանի հեռուստակայանի Youtube-ի կայան` http://www.ctv.va/

Վերոնշեալ արարողութիւնն ու մեկնաբանութիւնը պիտի սփռուին  նաեւ “Pan Armenian Media Group”, “Radio Maria Armenia” եւ “Radio Maria World Family”-ի միջոցաւ։

Լիայոյս ենք թէ աշխարհ ի սփիւռս տարածուած հայ ժողովուրդի զաւակները հոգեպէս միացած սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ գտնուող հաւատացեալներուն, գոհաբանութեան աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած, Անորմէ հայցելով բիւրաւոր նահատակներու բարեխօսութեամբ, բարօրութիւն հայ ազգին եւ խաղաղութիւն աշխարհին։








All the contents on this site are copyrighted ©.