2015-04-11 18:39:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը ողորմութեան տարւոյն հռչակման առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 11 ապրիլ 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 5,30-ին, Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին Սուրբ դռան առջեւ, տեղի ունեցաւ Ողորմութեան արտակարգ սուրբ տարուայ կոնադկի ընթերցման արարողոթիւնը որմէ ետք  Նորին Սրբութիւնը գլխաւորեց ժամասացութեան արարողութիւնը։

Սուրբ Տարուայ առթիւ  հրատարակած կոնդակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը գրէ.

Յիսուս Քրիստոս Հօր Աստուծոյ ողորմութեան դիմագիծն է։

Քրիստոնէական հաւատքը կը թուի գտնել այս բառով իր համադրութիւնը։ Անիկա դարձաւ ողջ, տեսանելի ու իր գագաթնակէտին հասաւ Նազովրեցի Յիսուսի մէջ։ Հայրը ‘’ողորմութեամբ հարուստ’’ յայտնելէ ետք իր անունը Մովսէսին, որպէս ''Աստուած ողորմած ու գթառատ, բարկութեամբ  դանդաղ եւ հարուստ սիրով ու հաւատարմութեամբ''....''ժամանակներուն լրումին'' երբ ամէն բան պատրաստ էր իր փրկութեան ծրագիրին համաձայն, Ան ղրկեց իր Միածին Որդին, ծնած Ս. Կոյս Մարիամէն յայտնելու մեզի վերջնական իր սէրը։ Ով որ  Յիսուսը տեսաւ, Հայրն ալ տեսաւ։ Նազովրեցի Յիսուսը իր խօսքով, իր գործով ու իր անձով կը յայտնէ Աստուծոյ ողորմութիւնը։

Ամէնքս կարիքը ունինք խոկալու ողորմութեան խորհուրդը։ Անիկա աղբիւր է ուրախութեան, անդորրութեան ու խաղաղութեան։ Ողորմութիւնը վերջին ու գերագոյն ներգործութիւնն է, որով Աստուած կը հանդիպի մեզի։ Կայ ժամանակ մը, որով կանչուած ենք մեր ակնարկը սեւեռելու ողորմութեան վրայ, որպէսզի մեր կարգին դառնանք ազդու նշան մը Հօր Աստուծոյ ներգործութեան։ Եւ այդ պատճառաւ է որ հռչակեցի ''Ողորմութեան Արտակարգ Յոբելեանը'', որպէս նպաստաւոր ժամանակ Եկեղեցւոյ համար, որպէսզի աւելի հզօր ու ազդեցիկ դարձնէ հաւատացեալներու վկայութիւնը։

Սուրբ Տարին պիտի բացուի 8 Դեկտեմբերին, տօն Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամի։ Ծիսական այս տօնակատարութիւնը կը մատնանշէ Աստուծոյ ներգործութեան սկիզբը մեր պատմութեան մէջ։ Ադամի ու Եւայի մեղքէն ետք, Աստուած չուզեց առանձին թողուլ մարդկութիւնը, չարին գերիշխանութեան ներքեւ։ Այս պատճառաւ սիրոյ մէջ խորհեցաւ եւ ուզեց սուրբ եւ անարատ Մարիամը։

Անարատ Յղութեան տօնին` ուրախութիւնը պիտի ունենամ բանալու Սուրբ Դուռը։ Այս առթիւ, ով որ մուտք գործէ  ''Ողորմութեան Դուռէն''  պիտի կարենայ փորձարկել Աստուծոյ մխիթարական, ներող եւ յուսադրիչ սէրը։ Երրորդ  յիսնակաց կիրակիէն սկսեալ պիտի բանամ  Հռոմի աթոռանիստ (Ս. Յովհաննէս լատերանեան) եկեղեցւոյ Սուրբ Դուռը եւ յաջորդաբար պիտի բանամ ս. Պօղոս Պազիլիքայի եւ Տիրամօր աւագ Պազիլիքայի Սուրբ Դռները։

Երրորդ յիսնակաց կիրակիին պիտի խնդրեմ որ ամէն թեմի մէջ բացուի ‘’Ողորմութեան Դուռը’’ բոլոր Սուրբ Տարուան ընթացքին։ Հետեւաբար ամէն տեղական եկեղեցի կանչուած է ապրելու շնորհքի ու հոգեւոր վերանորոգումի բացառիկ պահ մը։ Յոբելեանը պիտի տօնախմբուի թէ Հռոմ եւ թէ տեղական եկեղեցիներու մէջ, որպէս տեսանելի նշան մը Եկեղեցւոյ հասարակաց  պատկանելիութեան։

8 Դեկտեմբեր 2015-ին Սուրբ Դուռը պիտի բանամ վերակոչելով Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի եզրափակումին 50-րդ տարեդարձին օրը։

Եկեղեցին կանչուած է ողջ պահելու յիշատակը այդ դէպքին։ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետը Տիեզերական Ժողովը բանալով ըսաւ ''Եկեղեցին կ՛ուզէ երեւնալ որպէս բոլորին սիրալիր, բարեացակամ ու համբերատար  Մայր մը, մղուած ողորմութենէն ու բարութենէն, հանդէպ իրմէ բաժնուած զաւակներէն։ Երանելի Պօղոս Զ. Քահանայապետը եզրափակելով  այդ Տիեզերական Ժողովը ըսաւ. ''Մեր Ժողովը եղաւ սիրոյ հաւաք մը հանդէպ մարդկային ազգին, նման բարի Սամարացիին''։

Յոբելենական արտակարգ Տարին պիտի եզրափակուի Յիսուս Քրիստոս` Տէրը տիեզերքի տօնին օրը` 20 Նոյեմբեր 2016-ին։ Այն օրը Սուրբ Դուռը պիտի փակուի եւ մեր սրտերը երախտագիտութեամբ լի`  պիտի փառաբանեն Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, մեզի պարգեւած արտակարգ ժամանակի  շնորհքին համար։

Որպէս բաղձանք պիտի ուզենայի, որ գալիք տարիները ողորմութեամբ բեղուն ըլլան ու ամէն անհատին հաղորդենք Աստուծոյ բարութիւնն ու գթութիւնը։ Հաւատացեալին եւ ոչ` հասնի ողորմութեան բալասան` որպէս նշան Աստուծոյ Արքայութեան, որ արդէն ներկայ է մեր միջեւ։

Յիսուսի առաքելութիւնը եղաւ յայտնել մարդկութեան Աստուածային սիրոյ խորհուրդի լիութիւնը։ ''Աստուած սէր է'' կը յայտնէ  Յովհաննէս աւետարանիչը։  Այս սէրը այլեւս դարձաւ տեսանելի ու շօշափելի։                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                

Յիսուսի համակ կեանքին մէջ։ Անոր անձը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ սէր, սէր մը որ ձրիաբար կը տրուի։ Այս կարեկցող սիրոյն զօրութեամբ  Յիսուս կը բուժէր հիւանդները  եւ քիչ հացերով ու ձուկերով կշտացուց բազմութիւնը։ Առակներու մէջ Յիսուս կը յայտնէ Աստուծոյ բնութիւնը`Հայր մը որ համբերութեամբ , կարեկցութեամբ ու ողորմութեամբ կը սպասէ անառակ որդիին տուն վերադարձը, մոլորած ոչխարը եւ կորսուած դրամը։

Եկեղեցւոյ հաւատալիութիւնը կ՛իրականանայ կարեկցող ու ողորմած սիրոյ ճամբով։ Եկեղեցին կ’ապրի ողորմութիւն ընծայելով զայն անհատնում իղձով։

Երկար ժամանակ մոռցանք մատնանշել ու ապրիլ ողորմութիւնը։ Աւելի արդարութեան հետամուտ եղանք։ Եկեղեցին պէտք է հետապնդէ աւելի բարձր ու նշանակալից կէտ նպատակներ։ 

Ժամանակն է վերադառնալու էականին ու ճանչնալու մեր եղբայրներուն տկարութիւններն ու դժուարութիւնները։ Ներումը ոյժ մըն է որ նոր կեանք կու տայ ու քաջութիւն կը ներշնչէ յոյսով դիտելու ապագան։ Մոռնալու չենք ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին  ուսուցումը  իր երկրորդ շրջաբերական թուղթով ''Dives in misericordia'' (Ողորմութեամբ Հարուստ) որ շատերուն զարմանք պատճառեց քանի ''ողորմութիւն'' բառը անցեալին  մոռցուած էր ու գայթակղութիւն կը պատճառէր։

Սուրբ Քահանայապետը արդարացնելով իր կոնդակը ընդգծեց հարկաւորութիւնը աւետելու ու վկայութիւն տալու ողորմութեան, արդի մարդուն. ''Քրիստոսի խորհուրդը զիս կը ստիպէ հրապարակաւ հռչակելու Աստուծոյ սիրալիր ողորմութիւնը։ Արդարեւ եկեղեցին իր հարազատ կեանքը կ’ապրի երբ կը դաւանի ու կը հռչակէ  ողորմութիւնը, ամենէն սքանչելի յատկութիւնը Արարիչին ու Փրկչին''։ 

 

''Հօր Աստուծոյ նման ողորմած'' այս է նշանաբանը Սուրբ Տարւոյն։

Ողորմութեան մէջ ունինք փաստը թէ ինչպէս Աստուած կը սիրէ։ Ան ինքզինք կու տայ, ցմիշտ, ձրիաբար  առանց բան մը պահանջելու անոր փոխարէն։ Ան կը հասնի մեր օգնութեան  երբ Անոր դիմենք։ Յոյժ գեղեցիկ է Եկեղեցւոյ առօրեայ աղօթքը սաղմոսի այս բառերով` ''Ով Աստուած եկուր շուտով ազատէ զիս, Տէր, արտորա’ ինծի օգնելու''։ Օգնութիւնը որ իրմէ կը հայցենք արդէն առաջին քայլն է Աստուծոյ ողորմութեան մեզի հանդէպ։ Օրը օրին, իր  կարեկցութենէն  տպաւորուած, կարող պիտի ըլլանք մեր կարգին ուրիշներուն կարեկցիլ։ Իմ մեծ բաղձանքս է, որ քրիստոնեայ ժողովուրդը խորհրդածէ Յոբելենական Տարւոյն ընթացքին մարմնաւոր ու հոգեւոր  ողորմութիւն իրագործելու մասին, որպէսզի մեր սիրտը շարժի ու նմանի Աւետարանի սրտին։ 

Մարմնաւոր ողորմութիւն կատարել կը նշանակէ. Սովահարներու կերակուր տալ, ծարաւողին` ջուր, մերկին` զգեստ, օտարը հիւրընկալել, հիւանդը խնամել, բանտարկեալը այցելել , մեռեալները թաղել։

Հոգեւոր  ողորմութիւն կատարել կը նշանակէ. Տարակուսողներուն խորհուրդ տալ, տգէտին սորվեցնել, մեղաւորը յանդիմանել, վշտահարները  մխիթարել, նախատինքները ներել, ողջերու ու  մեռեալներու համար աղօթել։ Յոբելենական Տարին նպաստաւոր ժամանակ է բարեփոխելու մեր ընթացքը` մեր կեանքը։ Յոբելենական Տարին շնորհաբեր է ներողութիւններով։

Յիսուս Քրիստոսի մահով ու յարութեամբ Աստուած բացայայտօրէն յայտնեց իր սէրը ու կործանեց մարդոց մեղքերը։ Հետեւաբար Աստուած ներումի միշտ պատրաստէ։

Ողորմութիւնը կը ներփակէ արժէք մը որ կը գերազանցէ եկեղեցւոյ սահմանները։ Անիկա կը կապէ մեզ հրէութեան ու իսլամութեան հետ, որ զայն կը նկատեն որպէս Աստուծոյ որակաւոր յատկութիւններէն մէկը։

Իսրայէլ` առաջինը որ ընդունեցաւ այս յայտնութիւնը հաղորդելու զայն համայն մարդկութեան։ Իսլամութիւնը իր կարգին կը խոստովանի որ Արարիչ Աստուծոյ յատկութիւններէն մէկն է Ողորմած ու բարեգութ ըլլալը։ Իսլամները եւս կը հաւատան որ ոչ ոք կարող է սահմանափակել Աստուածային ողորմութիւնը, որովհետեւ անոր դռները միշտ բաց են։

Յոյսով եմ, որ Յոբելենական Տարին  սատարէ հանդիպումը վերոյիշեալ կրօններու եւ այլ կրօնական վեհ աւանդութիւններու միջեւ։  Պատրաստ ըլլանք երկխօսութեան, իրար զիրար աւելի լաւ ճանչնալու ու հասկցուելու եւ հրաժարինք ամէն արհամարհանքէ ու բռնութեան ու խտրականութեան ամէն երեւոյթներէն։

Հուսկ մեր հայեացքը ուղղենք Ողորմութեան Տիրամօր։ Անոր քաղցր հայեացքը ընկերակից ըլլայ այս Սուրբ Տարւոյն ընթացքին, որպէսզի ամէնքս ճանչնանք ու փորձարկենք  ուրախութիւնն ու գորովը Աստուծոյ։

Ոչ ոք Մարիամի նման ճանչցաւ մարդացեալ Աստուծոյ խորհուրդը։ Ամբողջ իր կեանքը կաղապարուեցաւ Մարդացեալ Բանին ողորմութեամբ։ Խաչեցեալի ու Յարուցեալի Մայրը մտաւ Աստուածային ողորմութեան սրբավայրը որովհետեւ սերտօրէն մասնակցեցաւ Անոր սիրոյ խորհուրդին։

Արտակարգ Սուրբ Տարին կը սպասէ մեզի որ ամէն օր ապրինք  ողորմութիւնը որ Հայր Աստուած մեզի կը շնորհէ։

Եկեղեցին  կը զգայ կարիքը քարոզելու Աստուծոյ ողորմութիւնը որ բոլորին սահմանուած է։ Եկեղեցին թող չի յոգնի տալու ողորմութիւն ու համբերատար` քաջալերելու ու մեղքերը թողելու։

Եկեղեցին թող ձայնը ըլլայ ամէն մարդու ու ամէն կնոջ, վստահութեամբ ու անդադար կրկնէ. ''Ով Տէր յիշէ քու գթութիւնդ եւ կարեկցութիւնդ, որովհետեւ յաւիտենական են''։

Տուեալ ի Հռոմ, Սուրբ Պետրոսի կից, 11 Ապրիլ,  Ճրագալոյց Աստուածային Ողորմութեան Տօնին, յամին Տեառն 2015, մեր Քահանայապետութեան երրորդ ամեակին։      








All the contents on this site are copyrighted ©.