2015-04-11 14:26:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 11 ապրիլի գործունէութիւնը


Շաբաթ, 11 ապրիլին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար  ընդունեց Եպիսկոպոսաց ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Մարք Ուէլլէն։

Ժամը 11.00ին, ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիոյ հանրապետութեան նորանշանակ հիւպատոս Տիար Տանիէլ Մանչինիի հաւատարմագիրը։

Իսկ 11.30ին, հանդիում ունեցաւ Ինտոնէզիոյ  Պապական նուիրակ գերապայծառ Անթոնիօ Կուիտօ Ֆիլիբացցի հետ։

Ապա՝ կէսօրին, Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ, հանդիպեցաւ  կրօնաւորններու եւ կրօնաւորուհիներու դաստիարակիչներու համահաւաքի մասնակիցներու հետ։

Երեկոյեան ժամը 5։30ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ հռչակումը կը կատարէ “Ողորմութեան արտակարգ սուրբ Տարուան”՝ կոնդակի պաշտօնական ընթերցումով։ Հռչակումը կը կատարուի Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարի Սուրբ դրան առջեւ, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.