2015-04-10 09:59:00

Խաչքարի զետեղում ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն Նափոլիի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Նախաձեռնութեամբ՝ վսեմաշուք  տիար Միքայէլ Մինասեանի՝ Հ Հ Դեսպանը Ս. Աթոռի  եւ Մալթայի Ինքնիշխան Ռազմական Ուխտի մօտ, շաբաթ 11 Ապրիլի կէսօրին (ժամը 12-ին)  Նափոլիի՝  San Gregorio Armeno-  Հայոց Լուսաւորիչ Ս. Գրիգորի անուան եկեղեցւոյ մէջ, տեղի պիտի ունենայ   Խաչքարի զետեղման արարողութիւնը ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն. ի ներկայութեան Հ Հ նախագահ՝ վսեմաշուք տիար Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս  Գարեգին Բ.ի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ  Ա. Կաթողիկոսի, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ.   եւ  Նափոլիի արքեպիսկոպոս`  Կարդինալ Գրէշէնցօ Սէբէի։ Արարողութեան ներկայ կը գտնուին նաեւ, աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած հայեր եւ իտալացի ու այլ ազգերու պատկան անձնաւորութիւններ։ Արարողութեան ընթացքին ներկաները ապա  յարգանքի տուրք պիտի մատուցեն Հայոց Լուսաւորչի Ս. Մասունքին։

Ժամը 13-ին, San Gregorio Armeno վանքի ներքնաբակը, բացումը  պիտի կատարուի վերանորոգուած՝ մարմարեայ աղբիւրին  եւ հրապարակին­ մէջ տեղի ունեցած շինութիւններուն որոնք հովանաւորուած են Հ Հ դեսպանութեան կողմէ եւ  նուէրն են  Հայաստանի Հանրապետութեան`  Նափոլի քաղաքին։

Ներքնաբակին մէջ հուսկ նախատեսուած է հիւրասիրութիւն մը որուն աւարտին մեծարգոյ անձնաւորութիւններն ու իրենց շքախումբը վերադարձ կը կատարեն Հռոմ, ուր երեկոյեան կը մասնակցին, Վսեմաշուք Դեսպան` Միքայէլ Մինասեանին Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ` Սերժ Սարգսեանի ի պատիւ սարքած սիրոյ սեղանին  Հռոմի Ս. Մարկոսի անուան ''Վենեցիա - վենետիկ'' Պալատին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.