2015-04-09 10:03:00

Վերջ գտաւ ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի կառավարիչի առաքելութիւնը Իրաք։


(Ռատիօ Վատիկան) Կարդինալ ֆիլոնի, որպէս ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատուիրակ` Աւագ Շաբաթուան շրջանին այցելութիւն կատարեց Իրաքի քրիստոնեաներուն, անոնց տանելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետի մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը։ Երեքշաբթի իրիկուն կարդինալը հանդիպում ունեցաւ Սրբազան Քահանայապետին հետ անոր ներկայացնելով իր այցելութեան ցայտուն դէպքերը ու քրիստոնեաներուն ապրած դժուարութիւնները, որոնք պարտաւորուեցան թողուլ իրենց օճախները իսլամ պետութեան բռնագրաւումին հետեւանքով։

Կարդինալ ֆիլոնիին համար Իրաքի այցելութիւնը լոկ ուխտագնացութիւն մը եղաւ, հանգրուան առ հանգրուան այցելելով  քրիստոնեաներու ապրած վայրերը եւ ականատես ըլլալով բնակչութեան դիմագրաւած պէսպէս դժուարութիւնները։

Քրիստոնեայ իրաքցիները բնականաբար կը սպասեն Քահանայապետին այցելութիւնը­, եւ անոնց հետ նաեւ Պետութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետի յաճախակի կոչերը Միջին Արեւելքի  խաղաղութեան հաստատումին ու մասնաւորապէս Սուրիոյ ու Իրաքի ժողովուրդներու ազատագրումին ու խաղաղութեան ի սպաս­, մեծապէս գնահատուած են։ Իմ ուխտագնացութեանս բոլոր հանգրուաններուն քարոզեցի յոյսը - ըսաւ Կարդինալը, դիտել տալով թէ ''Անոնցմէ շատերը կը յուսան տուն վերադառնալ եւ ուրախ են որ եկեղեցին զանոնք չէ մոռցած''։ Իմ ներկայութիւնս իրենց միջեւ նկատուեցաւ որպէս օրհնութիւն։ Իսկ ինծի համար այս ուխտագնացութիւնը եղաւ առիթ հոգեւոր հարստութեան - հաստատեց Կարդինալ Ֆիլոնին։ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.